ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ
Աստուծոյ փառք կու տանք, որ 2010-2011 տարեշրջանը կրցանք աւարտին հասցնել Իր առաջնորդութեամբ եւ ունենալ մեր ամավերջի հանդէսը, ուրբաթ, 17 յունիս 2011-ին, կ. ե. ժամը 6:00-ին, «Հետուիկ» սրահին մէջ, Այնճար:
Այս տարուան հանդէսին նիւթն էր, «Կանք պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»: Այս կարգախօսը լաւագոյնս կ՛արտայայտէր բեմին վրայ զետեղուած գեղեցիկ հսկայ պաստառը:
Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, որոնցմէ ետք աշակերտները բեմ բարձրացան իրենց ձիրքերուն ընդմէջէն օրուան խորհուրդը փոխանցելու ներկաներուն:
Հանդէսին առաջին բաժինով անոնք երգեցին հոգեւոր երգեր` հայերէն, արաբերէն, անգլերէն լեզուներով, ինչպէս նաեւ կատարեցին Աստուածաշունչի ընթերցում, որմէ ետք բարի գալուստ մաղթեցին ծնողներուն եւ հրաւիրեալներուն:
Յայտագիրին երկրորդ բաժինով ներկաները դիտեցին տեսաերիզ մը, ուր կը ներկայացուէր աշակերտներուն առօրեայ կեանքը` մանկապարտէզի մէջ թէ անկէ դուրս:
Ապա ծաղիկ դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Մենք հայեր ենք» եւ ներկայացուցին «Հելնիմ սարը Սիփանայ» պարը:
Իսկ ծիլ եւ բողբոջ դասարանի աշակերտները տողանցեցին նիզակով եւ սուրով, նաեւ արտասանեցին «Ոչ ոչ թէեւ»:
Կոկոն դասարանն ալ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Սասնայ ձորեր» եւ արաբական «Եապա, եապա լա» պարերով:
Ապա կոկոն-ծաղիկ դասարանի աշակերտները Կիլիկեան դրօշակներով պարեցին պար մը` խոստանալով հաւատարիմ մնալ իրենց լեզուին, հաւատքին եւ կրօնին `տէր կանգնելով Կիլիկիոյ: Անոնք յատկանշական եւ խորհրդաւոր պատկեր մը ներկայացուցին` յոյս ներշնչելով բոլորին:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում` ձեռամբ վարիչ մանկապարտիզպանուհի Ն. Քենտիրճեանի, ծաղիկ դասարանի դասատու Ս. Աշգարեանի եւ տնօրէն վեր. Ր. Մսըրլեանի: Ծաղիկ դասարանը իր հրաժեշտի խօսքը ըսաւ մանկապարտէզին:
Կը շնորհաւորենք շրջանաւարտները, ծնողները եւ վարձքը կատար ուսուցչական կազմին:
Վկայական ստացան Աշգարեան Թամար, Սեդիկեան Սէրլի, Հերկելեան Աննա, Փալազեան Լորեն, Անտոնեան Սէրօ, Այվազեան Վարանդ, Յակոբ Գէորգ եւ Սարիմօ Հասան:
Հանդէսը իր աւարտին հասաւ վեր. Ր. Մսըրլեանի հուսկ բանքով եւ օրհնութեան աղօթքով:
ՍԵՒԱՆ ԱԲԷԼԵԱՆ

