Ճատրակ. Համաշխարհային Մտաւոր Խաղեր. Արոնեան Երեք Անգամ Պարտուեցաւ
Ինչպէս ծանօթ է, 12-18 դեկտեմբերին Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ տեղի կ՛ունենան Համաշխարհային ճատրակի մտաւոր խաղերու ծրագիրով կատարուող մրցումները` արագ, կայծակնային եւ պասքեան համակարգի ձեւաչափերով:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ արագ ճատրակի մրցումներուն հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, իր կատարած չորս մրցումներուն ընթացքին արձանագրած է յաղթանակ մը, 2 հաւասարութիւն եւ կրած պարտութիւն մը:
Երէկ` ուրբաթ, 13 դեկտեմբերին Արոնեան, որ սեւ քարերով կը մրցէր ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովի դէմ, պարտութիւն մը կրեց անկէ (5-րդ հանգրուան):
6-րդ հանգրուանին Արոնեան կրեց այլ պարտութիւն մը` այս անգամ քուպացի Փերես Լէյնիեր Տոմինկեսէն:
Իսկ 7-րդ հանգրուանին Արոնեան, որ մրցեցաւ այլ ազրպէյճանցիի մը` Թէյմուր Ռաճապովի հետ, կրեց այլ պարտութիւն մը, որ այսպիսով անոր համար եղաւ չորրորդը եւ` երրորդ յաջորդականը:
Արոնեան, որ այժմ ապահոված է միայն 2,5 կէտ, 16 խաղացողներու մէջ կը գրաւէ 14-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Եուէ Ուանկ (Չինաստան): Փիթըր Լեքօ, որ իր կարգին ապահոված է 5 կէտ, կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:

