Փինկ Փոնկ. Միսաք Պոյաճեան Տիրացաւ ՀՄՄ Պէյրութի Կազմակերպած Մրցաշարքի Տիտղոսին

Միսաք Պոյաճեան
Կազմակերպութեամբ ՀՄՄ Պէյրութի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ տղոց մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 42 մարզիկներ:
Առաջին դիրքը գրաւեց եւ տիտղոսին տիրացաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Միսաք Պոյաճեան, որ աւարտականին 3-2 արդիւնքով (10-12, 14-12, 6-11, 11-8 եւ 12-10) յաղթեց Անդրանիկ Պէյրութի մաս կազմող Մալեք Թաուիլի:
Կիսաւարտականին Պոյաճեան 3-1 արդիւնքով (11-7, 14-12, 7-11 եւ 11-5) յաղթեց լիբանանեան բանակին մաս կազմող Ահմետ Եասին Հարպի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի անդամ Ժոզեֆ Աքիքիի եւ կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն:
CATEGORIES Մարզական

