Գիտութիւն Եւ Մարդ. Յիշողութիւնները Կ՛անցնին Սերունդէ Սերունդ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԸ ԿՐՆԱՅ ԿՐԵԼ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԽՈՐԴ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀԱԾ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ՈՐՈՆՔ ԻԲՐԵՒ ԾԻՆԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ` ԿԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԷ ՍԵՐՈՒՆԴ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՅՍ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱՐԴԻՒՆՔԸ:
Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ցնցիչ իրադարձութիւն մը կրնայ իր ներգործութիւնը ունենալ սերմի մը ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներուն վրայ եւ շրջել իրերայաջորդ սերունդներու ուղեղն ու վարուելակերպը:
«Նէյչըր Նիուրոսայընս» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, որոշ հոտէ մը խոյս տալու մարզուած մուկեր իրենց մէջ կուտակուած զզուանքը փոխանցած են իրենց «թոռներուն»:
Մասնագէտներու կարծիքով, այս արդիւնքները յատկանշական են եւ կրնան ծառայել վախերու եւ անձկութիւններու ուսումնասիրութեան:
Մուկերը մարզուած էին խորշելու կեռասենիի ծաղիկի բոյրը յիշեցնող հոտէ մը:
Այնուհետեւ Միացեալ Նահանգներու Էմըրի համալսարանին բժշկագիտութեան բաժանմունքէն խումբ մը ուսումնասիրողներ քննած են, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենար մուկերուն սերմին մէջ:
Անոնք մուկերուն ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներուն մէջ ի յայտ բերած են կեռասենիի ծաղիկներու նկատմամբ յատուկ զգայնութեան մը զարգացումը, որ մասնաւորաբար շեշտուած է անոնց սերմին մէջ:
Մուկերուն ձագերը եւ անոնց ձագերը «չափազանց զգայուն էին» կեռասենիի ծաղիկի նկատմամբ եւ կը խուսափէին անոր բոյրէն, թէեւ իրենց կեանքին մէջ երբեք չէին առած անոր բոյրը:
Ուսումնասիրողները փոփոխութիւններ ի յայտ բերած են մուկերուն ուղեղին մէջ:
«Ծնողի մը փորձառութիւնը, նոյնիսկ` նախքան յղանալը, յատկանշական ներգործութիւն կ՛ունենայ իրերայաջորդ սերունդներու ջղային դրութեան կառոյցին եւ գործունէութեան վրայ», կ՛եզրակացնէ ուսումնասիրութեան տեղեկագիրը:
Ընտանեկան Պատմութիւն
Յայտնաբերումները կ՛ապացուցեն «սերունդներու վրայ շարունակուող արտաքին ներգործութիւններու ժառանգութիւնը», այսինքն` միջավայրի ներգործութիւնը էակի մը ծինական ժառանգութեան վրայ, որ իր կարգին կրնայ փոխանցուիլ յաջորդ սերունդին:
Ուսումնասիրողներէն մէկը` Պրայըն Տայս կ՛ըսէ. «Ասիկա մեքենական այն դրութիւններէն մէկն է, որ առիթ կու տայ ժառանգորդներու նկատելու իրենց նախահայրերուն դրոշմը իրենց վրայ»:
«Կասկած չկայ, թէ սերմի մը եւ հաւկիթի մը կրած ազդեցութիւնները իրենց անդրադարձը կ՛ունենան իրերայաջորդ սերունդներու վրայ»:
Եունիւըրսիթի քոլեճ Լանտընի դասախօս Մարքըս Փեմպրիի համաձայն, յայտնաբերումները «սերտ կապ ունին վախերու, անձկութիւններու եւ յետ հոգեբանական ցնցումներու հետ յառաջացած լարուածութեան հետ: Անոնք նաեւ ուշագրաւ կերպով կ՛ապացուցեն, թէ որոշ ձեւի յիշողութիւն մը կրնայ փոխանցուիլ սերունդէ սերունդ:
«Ժամանակն է, որ հանրային առողջապահութեան մարզին մէջ ուսումնասիրողներ լուրջ վերաբերում ցուցաբերեն սերունդէ սերունդ փոխանցուող հակազդեցութիւններու նկատմամբ», կը թելադրէ ան:
«Կը կարծեմ, թէ պիտի չկարենանք բացատրել ջղահոգեբանական խանգարումներու, սոնքութեան, շաքարախտի եւ մարմնի գործարաններու խանգարումի երեւոյթները` առանց որդեգրելու բազմաթիւ սերունդներու վրայ զանոնք քննելու մօտեցում մը»:
Որոշ հոտերէ խորշելու ուսումնասիրութեան եզրակացութիւններէն մէկը կ՛ըսէ, թէ հաւանաբար հոտը որոշ չափով կ՛անցնի արեան մէջ, ինչ որ կրնայ իր ներգործութիւնը ունենալ սերմի կազմութեան մէջ, կամ` ուղեղէն հրահանգ մը կ՛երթայ սերմին` փոփոխութեան ենթարկելով անոր ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջները:

