Գիտութիւն Եւ Մարդ. Ուղեղին Ջղային Կապերուն Քարտէսը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԿԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՏՂԱՄԱՐԴՈՑ ՈՒՂԵՂԻՆ ՋՂԱԲԱՆԱԿԱՆ  ԿԱՊԵՐՈՒՆ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ԲԱՑԱՏՐԵԼ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՔԱՐՏԷՍ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆ, ԵՒ ԹԷ` ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԻՆԵՐ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԿԸ ՅԻՇԵՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՆՈՐ ՈՒՂԻՆԵՐ ԲԱՑՈՂ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՆԱԽԱՊԷՍ ՓԱՍՏՈՒԱԾ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ:

Յատկանշական տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի տղամարդոց եւ կիներուն ուղեղին մէջ կազմուած ջղային ցանցերուն միջեւ. տղամարդոց ուղեղին մէջ կապերը իւրաքանչիւր կիսագունդի յառաջամասէն կ՛ուղղուին դէպի յետսամաս, մինչդեռ կիներուն քով անոնք կը հաստատուին աջ եւ ձախ կիսագունդերուն միջեւ:

Յատկանշական տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի տղամարդոց եւ կիներուն ուղեղին մէջ կազմուած ջղային ցանցերուն միջեւ. տղամարդոց ուղեղին մէջ կապերը իւրաքանչիւր կիսագունդի յառաջամասէն կ՛ուղղուին դէպի յետսամաս, մինչդեռ կիներուն քով անոնք կը հաստատուին աջ եւ ձախ կիսագունդերուն միջեւ:

Աննախընթաց ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ տղամարդոց եւ կիներուն ուղեղին ջղային կապերը տարբեր ձեւի ցանցեր կը կազմեն, ինչ որ կրնայ բացատրել արական եւ իգական վարուելակերպի բնորոշ տարբերութիւնները, ինչպէս կ՛ըսեն գիտնականներ:

Ուսումնասիրողներ ի յայտ բերած են, թէ տղամարդոց ուղեղին մէջ ջղային կապերը իւրաքանչիւր կիսագունդի յառաջամասէն կ՛ուղղուին դէպի յետսամաս, մինչդեռ կիներուն քով անոնք կը հաստատուին աջ եւ ձախ կիսագունդերուն միջեւ:

Ուղեղին ջղային այս կապերը կը սկսին վերջնականապէս հաստատուիլ արբունքի ժամանակ, եւ տարբերութիւնը կ՛որոշուի այս շրջանին, երբ սեռային երկրորդական յատկանիշներ, ինչպէս` տղամարդոց քով մօրուք եւ կիներուն քով կուրծքեր, կը սկսին յայտնուիլ սեռային հորմոններու ազդեցութեան տակ:

Ուսումնասիրողներ կը հաւատան, թէ երկու սեռերուն ուղեղի ջղային կապերու ցանցին ֆիզիքական տարբերութիւնները կրնան բացատրել, թէ ինչո՛ւ տղամարդիկ ընդհանրապէս աւելի ատակ են տարածութեան հետ կապուած աշխատանքներու, որոնք կ՛ենթադրեն մկանի գործածութիւն, իսկ կիներ աւելի ատակ են բառերու հետ կապուած աշխատանքներու, որոնց մէջ դեր ունին յիշողութիւնն ու բնազդային զգացողութիւնը:

Հոգեբանական քննութիւններ տեւաբար ցոյց տուած են յատկանշական տարբերութիւն մը սեռերու միջեւ, ինչ կը վերաբերի մտային տարբեր աշխատանքներ կատարելու կարողութեան. ոմանց մէջ տղամարդիկ կը գերազանցեն կիները կամ կիներ կը գերազանցեն տղամարդիկը: Կը թուի, թէ այժմ յայտնաբերուած է այս տարբերութեան ֆիզիքական պատճառը, ինչպէս կ՛ըսեն գիտնականներ:

«Ուղեղին այս քարտէսները մեզի ցոյց կու տան ուշագրաւ տարբերութիւն մը, որ նաեւ կ՛ամբողջացնէ նախապէս նշուած տարբերութիւնները: Անիկա կը վերաբերի ուղեղին ճարտարապետական ձեւագծումին, որ ջղաբանական հիմքով կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ տղամարդիկ եւ կիներ կը գերազանցեն որոշ աշխատանքներու մէջ», կ՛ըսէ Փենսիլվանիոյ համալսարանին մէջ շողարձակումի գիտութեան դասախօս Ռայնի Վերմա:

«Գործնական քննութիւններ արդէն ցոյց տուած են, թէ երբ տղամարդիկ եւ կիներ որոշ աշխատանքներ կը կատարեն, անոնց ուղեղին տարբեր մասերը կ՛աշխատին»:

Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է 8-22 տարեկան 949 անձերու վրայ (521 կիներ եւ 428 տղամարդիկ): Սեռերու միջեւ ուղեղային տարբերութիւնները ի յայտ եկած են միայն արբունքի շրջանէն ետք:

Տղամարդոց (վերը) եւ կիներու (վարը) ուղեղին մԷջ ստեղծուած կապերուն պատկերը:

Տղամարդոց (վերը) եւ կիներու (վարը) ուղեղին մէջ ստեղծուած կապերուն պատկերը:

Ուսումնասիրողները օգտագործած են ուղեղը նկարող թեքնիք մը, որ կը չափէ ջիղի մը ճամբէն հոսող ջուրը, եւ անոր միջոցով նկարած են ուղեղին ջղային կապերուն տարողութիւնը` 100 կէտերու միջեւ, ապա կազմած են ուղեղին ջղաբանական քարտէսը, զոր կոչած են «քոննեքթոմ»:

«Այս քարտէսը ցոյց կու տայ, թէ արդեօք ուղեղին որոշ մէկ մասը ֆիզիքապէս կապուա՞ծ է այլ մասի մը: Այս կապերը արդէն ցոյց կու տան յատկանշական տարբերութիւններ արական եւ իգական սեռերուն միջեւ», կ՛ըսէ Վերմա:

«Կիներուն քով այս կապերը տրամաբանական մտածողութեան հետ առնչուող ուղեղին ձախ կիսագունդը կը միացնեն բնազդի հետ կապուած աջ կիսագունդին, ինչ որ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կիներ աւելի ատակ են բնազդային կարողութիւն պահանջող աշխատանքներու», կը բացատրէ ան:

Նախապէս հոգեբանական ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ տղամարդիկ աւելի ատակ են մկանային հակակշիռ պահանջող աշխատանքներու, իսկ կիներ` յիշելու տարբեր բաներ, ինչպէս` բառեր եւ դէմքեր: Կիներուն քով աւելի շեշտուած է նաեւ «զգացական խելացութիւնը»:

Անցեալ ամիս հրատարակուած այլ ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած էր, թէ մարդկային ուղեղին մէջ ծիները տարբեր ձեւով կ՛արտայայտուին կիներուն եւ տղամարդոց քով: 100 անձերու ուղեղին եւ ողնայարին վրայ յետ մահու կատարուած քննութիւններ ցոյց տուած են ծինական յատկանշական տարբերութիւններ` երկու սեռերուն միջեւ, ինչ որ կրնայ բացատրել ջղաբանական խանգարումներու տարբերութիւնը անոնց քով (օրինակ` օթիզմ), ինչպէս կը բացատրեն Եունիւըրսիթի քոլեճ Լանտընի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան հեղինակները:

Օրինակ, օթիզմը 5 անգամ աւելի կը հարուածէ մանչերը, քան` աղջիկները: Տեսութեան մը համաձայն, երեւոյթը արդիւնք է «ծայրայեղ կերպով արական ուղեղին», որ յատկանշուած է այլոց նկատմամբ կարեկցանք ցուցաբերելու անկարողութեամբ:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է «Փրոսիտինկզ աֆ տը Նեշընըլ Աքատըմի աֆ Սայընսըզ» թերթին մէջ, ի յայտ կը բերէ, թէ արական եւ իգական ուղեղներու ջղաբանական քարտէսին տարբերութիւնները կը սկսին զարգանալ ճիշդ այն ժամանակ, երբ կը սկսին կազմաւորուիլ սեռերու տարբերութիւնները, ինչպէս նախապէս հաստատուած է հոգեբանական քննութիւններու առիթով:

Ուղեղին միակ մասը, ուր աջ եւ ձախ կիսագունդերուն միջեւ կապերը աւելի բազմաթիւ են տղամարդոց քով, քան` կիներուն, եղափոխութեան ժամանակներէն մնացած այն մասն է, որ կ՛առնչուի մկաններու հակակշռումին հետ:

«Ուշագրաւ է ժամանակակից կիներու եւ տղամարդոց ուղեղին կազմուածքը,- կ՛ըսէ ուսումնասիրութեան հեղինակներէն Ռուպին Կուր:- Ուղեղին ջղաբանական մանրամասն քարտէսը չ՛օգներ մեզի` հասկնալու տղամարդոց եւ կիներու մտածելու տարբերութիւնը, սակայն մեզի առիթ կու տայ գտնելու ջղաբանական խանգարումներու արմատները, որոնք յաճախ կապ ունին սեռային պատկանելիութեան հետ»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )