Յաւերժական Խորհուրդ Հայաստանի. Հայրենահանման Դարադարձին

ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆ

armenia_3279_600x450Ինչպէ՞ս երգեմ վիրաւոր այլ սխրալի փառքդ վսեմ,
Ինչպէ՞ս մեկնեմ խորհուրդդ անիմանալի,
Ինչպէ՞ս ընկալեմ խոյանքդ վերապրումի,
Որպէսզի կոչուիմ` որդիդ հարազատ,
Երբ ես, ամէն օր,
Էութեանս ողջ հիւլէներով,
Կ՛ապրիմ արդէն` անցեալդ փառաւոր,
Վերանկախ ներկադ,
ու տակաւին, պայծառ ապագադ:
Հայաստան կոչեն քեզ,

Թէ` Երկիր Նայիրի,
Կայսերական Հայաստան` Մեծն Տիգրանի,
Երկիր դրախտավայր, թէկուզ կորուսեալ,
Հրեղէն սիւն` Միածնաէջ տաճարի,
Լուսաւորչահիմն Տուն` խաչեալ Յիսուսի,
Հազարազանգ` փառաւոր Անի,
Գանձասարի վանք` Խորագոյն Հայքի,
Միացման հանգոյց` Մետաքսի ճանապարհի,
Անառիկ ամրոց` Կարին հայրենի.
Միեւնոյնն է:
Հայաստան անուանդ հմայքը սոսկ`
Պարտեալ ոսոխներուդ սարսափն է մահաբեր,
Անունդ` Նոյեան Տապանի խարիսխ Արարատ,
Անունդ` յաւերժի ճամբորդ ազգիս յաղթերթը հզօր,

Հայաստա՜ն,
Հազար անգամ` ոտքի կոխան,
Հազար անգամ` դժոխք դարձած,
Հազար անգամ` մահէն յարեալ:

Անունդ` հանապազօրեայ աղօթք շրթներուս,
Անունդ` խորան հաշտութեան,
Անունդ` Խաղաղութեան Նոյեան աղաւնի:

Հայաստա՜ն,
Երկնամերձ Բիւրականէդ`
Բիւր ակնով անջրպետը չափագծող հանճար,
Կոմիտասեան երգի խազերով աշխարհ գրաւող:

Հայաստա՜ն,
Լոյսի անմար փարոս,
Օտարութեան մէջ ձուլուող զաւակներուդ`
Տուն դարձի ահեղ շեփոր,
Հզօր մագնիս` Հողահաւաքի,
Խաղաղ օթեւան հայրենադարձ կարաւանի:

Հայաստա՜ն,
Պատմութեան արշալոյսին իսկ` ծաղկեալ Էրեբունի,
Ազգակերտումի հնոց` Դաշտ Արարատեան,
Օրհնաբեր ջուրի ովկիան անսպառ,
Անապատներ ծաղկեցնող` Եփրատ ու Տիգրիս,
Կամրջընկեց` Մայր Արաքս,
Կեանքի աղբիւր` Արածանի,
Երկնքի թաս` Լիճ Սեւանայ,
Երեւանը Վանին կապող`
Յաղթաբազուկ հզօր բանակ,
Միացեալի գոյառման`
Կորից անփոխարինելի,
Նոր ազգերու կազմաւորման մեկնակէտ,
Մշակոյթներու փոխընկալման` մայրաքաղաք,
Աւարայրէն` իմացեալ մահապատերու յաղթարշաւով,
Սարդարապատ հասած անմեռ ոգի,
Տէրզօրեան դժոխքէն վերածնած զաւակներուդ` Միակ ապաւէն,
Հայրենահանող ոճրածին թուրքին`
ստոյգ գերեզման,
Սփիւռքացեալ որդիներուդ`
Վախճանական հայրենիք:
Հայաստա՜ն,
Դո՛ւն, ինծի համար այս բոլորն ես,
Եւ դեռ աւելին,
Գոյութիւնս իմաստաւորող`
Իմ փառապանծ հայրենիք,
Գիտակցուած հպարտանքիս`
Դուն անսպառ ներշնչարան:

 

Պէյրութ` 30/11/2013

Share this Article
CATEGORIES