Նամականի. Բարի Տարի Ըլլայ Բոլորին Եւ ԼՕԽ-ին

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

letterԱզգային արժէքներով հարուստ տասներկու էջեր այս օրերուն կը մտնեն ամէն հայու տուն: Հպարտօրէ՛ն:

Գունագեղ էջեր կը տողանցեն: Կը տողանցեն մե՛ր հայկական ձեռագործները, մեր մանրանկարչութիւնը, մե՛ր զարդերը, մե՛ր սքանչելի գորգերը, մե՛ր երաժշտական գործիքները, մե՛ր դրամները, մե՛ր ոսկեղինիկը, մե՛ր տարազները, մե՛ր հնատիպ իրերը, մե՛ր խաչքարերը…

Ցուրտ ամիսները կ՛անցնին` տեղի տալով տաք ամիսներուն, ջերմացնելով մե՛ր սրտերը: Պզտիկ դպրոց մը` տուներուն մէջ: Վերջին էջին վրայ շինիչ բացատրութիւններ` ամէն մէկ բնաբանի մասին:

Վարձքը կատար ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, որոնք պրպտելով, ժամանակ տրամադրելով հասեր են այդ մտայղացումին: Տպաւորիչ ներկայութիւն դարձած են այլեւս ԼՕԽ-ի օրացոյցները, ուր բծախնդիր աշխատանքին ներքեւ ի յայտ կու գայ մտահոգ, գուրգուրոտ, սրտանց ու անշահախնդիր աշխատող հայ խաչուհիին անսակարկ նուիրումը: Իւրաքանչիւր տարի կը գերազանցէ նախորդը:

Եզրափակենք օգոստոս ամսուան վերեւ նշուած Բիւզանդ Եղիայեանի հետեւեալ խօսքով, որ լրիւ կ՛արտայայտէ ամէն զգացում.

«Փառաւորելով Օգնութեան խաչը` միայն զանոնք չէ, որ փառաւորած կ՛ըլլանք, այլ փառաւորած կ՛ըլլանք զանոնք կենսաւորող ոգին, փառաւորած կ՛ըլլանք բարին եւ զայն կեանքի սկզբունք ճանչցած հայուհիի առաքինութիւնն ու զոհողութիւնը:

Առողջութիւն եւ երկա՜ր կեանք բոլորին»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES