Դժբախտութեան Եւ Երջանկութեան Բաւիղներուն Միջեւ
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

«Նախնադարեան ժայռապատկեր»-ներու շարքէն, 1999
Մէկէ աւելի անհատականութիւններու տէր ամերիկահայ գեղանկարչուհի Սիրուն Երէցեանին արուեստը իբրեւ ամբողջութիւն` դժուար է տեղադրել առանձին «իզմի» մը մէջ: Անոր արտայայտչաձեւերը կը տարուբերին արտայայտչապաշտութեան ու գերիրապաշտութեան միջեւ` ընդգրկելով նաեւ խորհրդապաշտութեան ու զարդանաշխական յարդարային արուեստի տարրեր: Իր իսկ վկայութեամբ Սիրուն Երէցեանին արուեստը կը բաժնուի երկու գլխաւոր տեսակներու, որոնք իրենց հերթին կարելի է բաժնել ենթատեսակներու:
Առաջինը, որ ինք կ’անուանէ «Նախապապերուս արուեստը», իր հերթին կարելի է բաժնել երկու տեսակներու.
ա.- Ներշնչուած Հայաստանի նախապատմական ժայռապատկերներէն ու նշանագրերէն:
բ.- Ներշնչուած` հայկական միջնադարեան մատեաններու նկարազարդումներէն` մանրանկարչութենէն ու մեսրոպեան տառերէն:
Իսկ երկրորդ տեսակը, որ ինք կ՛անուանէ «Արուեստը առանց սահմաններու», ինքնակենսագրական բնոյթ ունի եւ կը տարածուի առհասարակ կեանքի վրայ: Իրականութեան մէջ մարդ արարածի հազարամեայ փորձառութենէն ու հաւատարմութիւններէն կազմաւորուած ստեղծագործողի մը կենցաղն ու հաւատամքը կը դրսեւորեն, որոնք սակայն կու գան մարդկային կեանքի արմատներէն ու կը բաշխուին ժամանակակից կեանքի համայնապատկերին վրայ: Այս տեսակը կարելի է դասել երեք տարբեր շարքերու մէջ, որոնց առանցքը կը կազմեն մարդկային ընդհանրական տագնապներն ու տառապանքները:

Մուրացկանները, 1989

Դատապարտեալ, 1988
ա.- Առաջին ենթատեսակին մէջ ընդգրկուած գեղանկարները, ըլլան անոնք դիմանկարներ, գլխատուած գլուխներ, գանկեր թէ կերպընկալէ դիմակներ, բոլորն ալ տուայտանք եւ սարսափ յառաջացնելէ ետք խորապէս կը յուզեն ու երբեմն նոյնի՛սկ ընդվզումի ու ըմբոստութեան կը մղեն ակնդիրը: Այս բոլորէն վեր ան պատկերած է նաեւ ճչացող «դէմքեր», որոնք թէեւ Մունքի ճիչը կը յիշեցնեն մեզի, բայց ոճով ու կառուցուածքով կը տարբերին անկէ:
բ.- Երկրորդ ենթատեսակի թեման խաչելութիւնն է, ուր Քրիստոսի փոխարէն` խաչեալը կին էակն է, գուցէ ինքը, հալածուած ու ճնշուած` տղամարդու «բիրտ» ուժի կողմէ: Պատկերուածը կնոջ ընդհանրացած կերպարներն են տարբեր վիճակներու ու կացութիւններու մէջ, ու տառապողը անիրաւուած ու անարգուած կինն է, լքուած` մարդկային հասարակութեան կողմէ:
գ.- Այո՛, երրորդ բաժինին մէջ, ուր այս անգամ սարդոստայնի մէջ բռնուած կինն է պատկերուածը, կարծէք, թէ չափով մը նախորդ ենթատեսակի` «խաչելութիւններու» շարունակութիւնն ու ամբողջացումը կը կազմէ: Հոս աւելի սահմռկեցուցիչ տեսարաններ կան, ահաւոր տանջանքի ենթարկուած կինը ելք կը փնտռէ ազատագրուելու եւ իր ապրելու իրաւունքն ու բաժինը որոնելու կեանքին մէջ: Հոգեպէս տաղուած ու ներքնապէս վիրաւորուած կնոջ մը վերջին յոյսն ու ելքն է կարծէք անոր անզօրութենէ մղուած պայքարը:
Ան ծնած է Պէյրութ, Թիրօ քեմփին մէջ, գաղթականի ընտանեկան յարկի տակ: Ունեցած է թշուառ ու իրաւազրկուած մանկութիւն մը, որ իր հոգեկան տուայտանքներու առանցքը կը կազմէ: Պարմանի տարիքին կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը ստանայ մասնագիտական կրթութիւն ու իր ամուսինին` Յարութիւն Երէցեանի հետ կը հիմնեն «Ապրիլ» մշակոյթի կեդրոնը:
Երկու տարի առաջ հրատարակուեցաւ Սիրուն Երէցեանին ստեղծագործական կեանքին նուիրուած գունատիպ պատկերագիրք մը, որ ընդհանուր գաղափար մը կու տայ մեզի այս ի վերուստ օժտուած գեղանկարչուհիի արուեստի բնոյթին ու որակին մասին: Շուտով լոյս կը տեսնէ անոր երկրորդ պատկերագիրքը, այս անգամ` նուիրուած հայկական մանրանկարչութեան ու մեսրոպեան տառերուն:
Եթէ պիտի փորձենք գնահատել ու արժեւորել Սիրուն Երէցեանին արուեստը, իւրայատուկ եւ շօշափելի ներդրում կարելի է համարել անոր հայկական մանրանկարչութեան ու մեսրոպեան տառերուն նուիրուած շարքը, որ տեղ մը յարդարային ըլլալով հանդերձ, ներքին ազգային «ժպիտներու» արտացոլում է կարծէք արտայայտուած հնչեղ գուներանքներով եւ նուրբ ու ճկուն գիծերով: Իսկ անոր նախապատմական ժայռապատկերներէն սնած կտաւները, հեռաւոր անցեալը մեր ժամանակներու մէջ իմաստաւորող ստեղծագործութիւններ են, որոնք թէեւ իրմէ առաջ ուրիշներ եւս փորձած են, սակայն Սիրուն Երէցեանին արտայայտչաձեւերն ու մօտեցումները կը տարբերին միւսներէն, յատկապէս` գուներանգներու բազմազանութեամբ, լոյսի պայծառութեամբ ու ազգային- դիցաբանական մեկնաբանութեամբ:
Երբ անոր արուեստը դնենք համամարդկային նժարի վրայ, պիտի նշմարենք, որ ան կը դեգերի կեանքի ու մահուան, լոյսի ու խաւարի, անցեալի ու ներկայի եւ կամ դժբախտութեան ու երջանկութեան բաւիղներուն միջեւ: Ինչպէս. «Ցերեկ ու գիշեր», «Ուրախութեան պարտէզը», «Ժամանակի պատը», «Հայկական դրախտ», «Ինքնադիմանկար» կտաւներն են:
Ան իր ստեղծագործութիւններէն մէկը խորագրած է «Veni, vidi…» այսինքն «Եկայ, տեսայ…», կը վարանի ըսելու յաղթեցի: Որովհետեւ ան կը պայքարի յաղթանակի համար` յանուն մարդկային` իր պարագային կնոջական իրաւունքներուն: Ան իր յարատեւ պայքարի ընթացքին իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կը դնէ «Ճիչ» մը` իր կնոջական էութենէն, «Ցոլք» մը` իր մարդկային հոգիէն, «Նշխար» մը` իր ազգային պատկանելիութենէն եւ կամ «Բոց» մը` իր մանկական յիշողութիւններէն: Կարենալ աւելի ամբողջական ներկայացնելու համար այս բարդ հոգեմտաւոր կառուցուածքի տէր արուեստագէտին ստեղծագործական աւանդը` կարիքը կը զգացուի աւելի խոր ու լուրջ վերլուծութեան եւ քննարկման:

