Մկրտիչ Պուլտուքեանի Գիրքերու Շնորհահանդէս

DSC_9034Կազմակերպութեամբ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի Մշակութային յանձնախումբին, 22 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ լիբանանահայ ծանօթ ազգային, տնտեսագէտ, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխկառավարիչ Մկրտիչ Պուլտուքեանի «Հայ սեղանաւորներ», «Հայաստանի դրամատնային համակարգը» եւ «Մի մոմենտ» երեք գիրքերուն շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Խօսնակ»-ի Մշակութային յանձնախումբի անդամներէն Օհան Պոտրումեանի, որ իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ հայ գիրին ու գիրքին նկատմամբ հայ ժողովուրդին ունեցած նախանձախնդրութիւնը, որմէ մղուած յանձնախումբը կազմակերպած է շնորհահանդէսը:

Օրուան հանդիսավար տոքթ. Յովիկ Առաքելեան լուսարձակի տակ առաւ Մկրտիչ Պուլտուքեանի ու անոր գործունէութեան ներկայացուցած արժէքը:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան, երգչուհի Նանօր Մաճարեան, ասմունքող-դերասանուհի Արփի Գարամանլեան:

DSC_9021Ապա Մկրտիչ Պուլտուքեանի կենսագրականը կարդաց Սոնիա Տէյիրմենճեան, որմէ ետք խօսք առաւ տնտեսագէտ Զաւէն Տիգրանեան: Ան ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ «Հայ սեղանաւորները» եւ «Հայաստանի դրամատնային համակարգը» անուն գիրքերուն, կարեւորելով կատարուած գիտական ու տնտեսական լուրջ ուսումնասիրութիւնը, որուն ընդմէջէն Պուլտուքեան կ՛ուզէր լոյսին բերել հայ ժողովուրդի զաւակներուն տարիներու ընթացքին ունեցած դերը, դիրքը, վաստակը եւ նամանաւանդ` տաղանդը, Պոլիսէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ այլուր, երբ անոնք որպէս սեղանաւորներ կամ ժողովրդային լեզուով լումայափոխներ, շահած էին մեծ համբաւ, եւ որոնք ունէին շատ բացառիկ դիրք` Օսմանեան կայսրութեան արքունիքէն մինչեւ տնտեսական այլ շուկաներ, ամեակներ շարունակ` շարժելով նախանձը այլ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Հայաստանի դրամատնային համակարգին վերաբերող գիրքին անդրադառնալով` Զաւէն Տիգրանեան նշեց, թէ նման լուրջ ու բծախնդիր աշխատանք մը եզակի է իր տեսակին մէջ եւ օգտակար` ծառայելու որպէս ուսանելի դասագիրք  ապագայ տնտեսագէտներուն եւ ելեւմտագէտներուն, որպէսզի լաւագոյնս ծրագրեն իրենց աշխատանքները, հիմնուելով լուրջ ու հեռատես դրամական քաղաքականութեան վրայ:

Իր ներկայացման աւարտին, Տիգրանեան ըսաւ, թէ զոյգ գիրքերն ալ կը միտին լոյսին բերել տնտեսական թաքուն մնացած տուեալները, նամանաւանդ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ` աշխարհին ծանօթացնելու, թէ հայ ժողովուրդի բեկորներ ինչպիսի դիրքեր գրաւած են դրամական շուկային մէջ ծառայած ըլլալով մարդկութեան` խղճմտօրէն եւ  ազնուօրէն:

Անկէ ետք վաստակաւոր երգչուհի Անայիս Կէտիկեան ներկայացուց զոյգ երգեր, ապա Մշակութային յանձնախումբի անդամներէն Վազգէն Մուղալեան ընթերցեց Մ. Պուլտուքեանի «Մի մոմենտ» անուն գիրքէն պատմուածք մը:

Ձեռնարկին աւարտին խօսք առաւ երեք գիրքերու հեղինակ Մկրտիչ Պուլտուքեանը, որ խօսեցաւ  Լիբանանի տնտեսութեան եւ Լիբանանի դրամատնային կառուցուածքին մասին: Ան ըսաւ, թէ այնքան ատեն որ կը տիրէ անկեղծութիւն` դրամատուներուն եւ յաճախորդներուն միջեւ, հզօր ու ապահով կը մնան թէ՛ դրամատուները, եւ թէ՛ լիբանանեան դրամանիշը: Ան բարձր գնահատեց Լիբանանեան Կեդրոնական դրամատան տնտեսական քաղաքականութիւնը:

Ապա ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Աւարտին բեմ բարձրացան «Խօսնակ»-ի խմբագիր` Համբիկ Մարտիրոսեանը, հեղինակ Մ. Պուլտուքեանը, տնտեսագէտ` Զաւէն Տիգրանեանը եւ ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու համախմբման ատենապետ Գրիգոր Գոճաօղլանեանը, որոնք կատարեցին գիրքերու գինեձօնը:

Share this Article
CATEGORIES