Դամասկոս. Ձիւնամրրիկը Կարճ Ժամանակով Կը Փակէ Ճամբաները

Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Դամասկոսը իր արուարձաններով հարուածած ձիւնամրրիկի առատ ձիւնին պատճառով որոշ ճամբաներ կարճ ժամանակի համար մնացին փակ, նոյնպէս իրենց դռները փակեցին վարժարանները, որոնք երկուշաբթի օր պիտի վերսկսին իրենց դասաւանդութիւններուն:

Կենցաղային իմաստով` որոշ թաղամասերու մէջ ելեկտրականութիւնը եւ ջուրը երկար ժամեր կ՛ընդհատուին, իսկ զանազան ճամբաներուն վրայ տեղադրուած ապահովական անցարգելները գերխճողում կը պատճառեն:

Անցնող օրերուն մայրաքաղաքին մէջ դադրած էին զինուորական զարգացումները, սակայն կարգ մը արուարձաններու մէջ իրավիճակը նոյնը չէր, դէպքերը թէժացած էին Տումայի եւ Ատրայի մէջ, ուր սուրիական բանակը յառաջխաղացք արձանագրած է:

Share this Article
CATEGORIES