Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի Տօնի Հանդիսաւոր Նշոմ` Բարեզարդուած Եւ Բարենորոգուած Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնը այս տարի յատուկ շուքով նշուեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մեծաթիւ հաւատացեալներ համախմբուած էին բարեզարդուած եւ բարենորոգուած եկեղեցւոյ մէջ` մասնակցելու համար Ս. պատարագին, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Յաւուր պատշաճի քարոզը արտասանելով, առաջնորդ սրբազան հայրը նախ մէջբերում կատարեց Պօղոս առաքեալէն, ապա խօսեցաւ Մծբնայ Ս. Յակոբ հայրապետին մասին` նշելով, որ պատմութիւնը մեծ բան չի փոխանցեր մեզի այս սուրբին մասին, բայց հայ եկեղեցւոյ միջոցով ան կ՛ապրի մեր մէջ: Ս. Յակոբ հայ ազգային աւանդութեան մէջ կը յիշատակուի մանաւանդ Արարատի վրայ Նոյեան տապանը փնտռելու աւանդական պատմութեամբ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը նշեց, որ այսօր մենք հաւաքուած ենք այս եկեղեցւոյ մէջ ոչ թէ Ս. Յակոբին նմանելու համար, այլ հաւաքուած ենք, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպէս Աստուած իր արքայութեան մէջէն մարդիկ կ՛ընտրէ` ժողովուրդին ծառայելու համար:
«Այս մտածումներով վերարծարծենք մեր հաւատքը եւ մտաբերենք, որ սուրբերը երկնային արարածներ չեն, այլ մարդոցմէ ընտրուած անհատներ, որոնք կոչուած են Աստուծոյ ծառայելու», ըսաւ առաջնորդ սրբազան հայրը` աւելցնելով. «Այս սրբավայրը հաւատքի արդիւնք է` կառուցուած նախկին սերունդներուն կողմէ, որպէսզի շարունակենք մեր հաւատքի ուղին»:
Իր խօսքը հաւատացեալներուն ուղղելով առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց. «Ս. Յակոբ եկեղեցի իմ անդրանիկ այցելութեանս առիթով կու գամ շնորհաւորելու ձեզ, որ այսպէս խուռներամ շարքերով կու գաք եւ կը յարգէք սուրբին տօնը»: Առաջնորդ սրբազանը յորդորեց ներկաներուն ականջ տալ Պօղոս առաքեալի խօսքերուն, որ չըլլայ թէ հօտ ու հովիւ իրարմէ գժտուին` երկուքին համերաշխութիւնը նկատելով եկեղեցւոյ հզօրացման գրաւականը:
Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եկեղեցւոյ մահացած բարերարներու եւ համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար: Ապա առաջնորդ սրբազանը օրհնեց Ս. Յակոբի տօնին առիթով պատրաստուած մատաղը: Նախքան հաւատացեալներու արձակումը, Շահէ սրբազան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատացեալներուն` իրենց մեծաթիւ ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ բարեզարդումի եւ բարենորոգման բարերար Սարգիս Պուտաքեանին, որ հոգացած էր եկեղեցին ներկելու եւ նոր գորգերով օժտելու ծախսերը:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կազմակերպութեամբ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին խօսք առաւ եկեղեցւոյ բարենորոգումը իրականացուցած բարերար Սարգիս Պուտաքեան, որ յատկապէս շեշտեց կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ շուրջ Էշրեֆիէի հայութեան կեանքի աշխուժացման` նկատի ունենալով երիտասարդութիւնը ներգրաւելու եւ մանաւանդ Պէյրութի մէջ հայ համայնքի ձայնը բարձր պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Այս առիթով իրենց պատգամները փոխանցեցին նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց եկեղեցւոյ շուրջ կեանքը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը: