Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերը Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններու Նոր Թուական
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները յետաձգուեցան շաբաթ, 21 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-էն 18:00, նոյն վայրին` Սանթրալի դաշտին մէջ (Ժունիէ):
Սկզբունքով նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենային շաբաթ, 14 դեկտեմբերին: Սակայն նկատի ունենալով, որ ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն չեղաւ, անիկա եղաւ ոչ օրինական եւ անոր համար ճշդուեցաւ նոր թուական մը:
Նշենք, որ շաբաթ օր տեղի ունենալիք այս ընտրութիւններուն ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա եւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ֆարես:
CATEGORIES Մարզական

