Ճատրակ. Սամուէլ Տէր Սահակեան Տիտղոսակիր` Հնդկաստանի Մէջ
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քոլքաթայի մէջ (Հնդկաստան) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, առաւելագոյն 10 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 95 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 23 կրանտմասթըրներ:
Չորս այլ ճատրակ խաղացողներ, ներառեալ` Տիգրան Ս. Պետրոսեան, թէեւ իրենց կարգին ապահովեցին 7,5-ական կէտ, սակայն Տէր Սահակեան թայ-պրէյքով գերազանցեց բոլորը եւ տիրացաւ տիտղոսին:
CATEGORIES Մարզական