Մանտելայի Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ

Վերջին հրաժեշտ` Նելսըն Մանտելայի
Երէկ Հարաւային Ափրիկէի նախկին եւ առաջին սեւամորթ նախագահ Նելսըն Մանտելայի մարմինը հողին յանձնուեցաւ` անոր ծննդավայր Քունու գիւղին մէջ:
Ցեղախմբային աւանդութեանց համաձայն կատարուած թաղման արարողութեան ներկայ էին անոր այրին, Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Ճէյքըպ Զումա, Մանտելայի մտերիմ ընկերներէն Տեզմոնտ արք. Թութու, ինչպէս նաեւ ամերիկացի հռչակաւոր դէմք Օփրա Ուիմֆրի:
Մանտելա մահացաւ 5 դեկտեմբերին` 95 տարեկանին:
Երէկուան արարողութեամբ վերջ գտաւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ Մանտելայի 10-օրեայ պետական յուղարկաւորութիւնը:
CATEGORIES Միջազգային

