Եւրոպական Միութիւնը Առկախեց Ուքրանիոյ Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնութեան Շուրջ Աշխատանքը
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը դադրեցուցած է Ուքրանիոյ հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ աշխատանքները:
Ըստ գործակալութեան, պատճառը Ուքրանիոյ կառավարութեան ներկայացուցած պահանջներն ու փաստարկներն են, «որոնք ոչ մէկ կապ ունին իրականութեան հետ»:
Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ յայտարարեց, որ «Եւրոպական Միութիւնը կ՛առկախէ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ ուքրանական իշխանութիւններուն հետ աշխատանքը»` աւելցնելով, որ «Ուքրանիոյ նախագահին եւ կառավարութեան` Ընկերակցութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ խօսքերուն ու գործերուն միջեւ տարբերութիւնը հետզհետէ կը մեծնայ, եւ անոնց փաստարկները իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին»:
Ան նշեց, որ «կարճ ժամանակ առաջ խօսեցայ Ուքրանիոյ փոխվարչապետ Սերկէյ Արպուզովի հետ եւ անոր յայտնեցի, որ երկխօսութեան շարունակման համար պայման է, որ Ուքրանիա յստակ կերպով յայտարարէ համաձայնագիրը ստորագրելու իր յանձնառութիւնը, սակայն պատասխան չստացայ. աշխատանքը առկախուեցաւ»:
Միեւնոյն ժամանակ, երէկ Քիեւի Անկախութիւն հրապարակին վրայ, ուր հազարաւոր մարդիկ հաւաքուեցան, յայտարարուեցաւ «արժանապատուութեան օր»:
Մքքէյն Ցուցարարներուն.
«Ամերիկան Ձեր Եւրոպամէտ
Կեցուածքին Կողքին Է»
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ ամերիկացի ծերակուտական Ճոն ՄքՔէյն հանդիպում ունեցած է Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքոյի դստեր` Եւկենիայի հետ եւ քննարկած Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը:
ՄքՔէյն Քիեւի Ազատութիւն հրապարակին վրայ իր արտասանած մէկ խօսքին մէջ յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ եւրոպամէտ ցուցարարներուն կը զօրակցի»` աւելցնելով, որ «Ամերիկան ձեր կողքին է»:
Եւրոպական Միութիւն.
«Ազարովի Յայտարարութիւնը Սուտ Է»
Gazeta.ru կայքէջը` յղում կատարելով ուքրանական «Փրաւտա» կայքէջին, հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Եան Թոմպինսքի յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարովի այն յայտարարութիւնը, թէ Ուքրանիան Եւրոպական Միութեան հետ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան անցնելու համար պէտք է օրինականացնէ միասեռ ամուսնութիւնները, իրականութեան հետ կապ չունի:
Ըստ Թոմպինսքիի, Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը այստեղ կապ չունի: Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութեան ընդհանուր սկզբունքներ չունի միասեռ ամուսնութիւններուն վերաբերեալ` աւելցնելով, որ ատիկա այն մարզն է, ուր որեւէ երկիր պէտք է ընտրէ իր ճամբան եւ ընդունի առանձին օրէնքներ:
Նախապէս Ազարով յայտարարած էր, որ Եւրոպական Միութեան հետ առանց մուտքի արտօնագիրի համակարգ ստանալու համար անհրաժեշտ է օրինականացնել միասեռ ամուսնութիւնները եւ որդեգրել սեռային փոքրամասնութիւններու հաւասարութեան մասին օրէնք, իսկ ժողովուրդը ատոր պատրաստ չէ:
Ընդդիմութիւնը Այսօր Պիտի Որոշէ
Ցոյցերու Հետագայ Ընթացքը
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ուքրանական ընդդիմադիր «Սվոպոտա» կուսակցութեան ղեկավար Օլեկ Թիակնիպոք լրագրողներուն յայտնած է, որ ցուցարարները երկուշաբթի օր պիտի որոշեն, թէ որքա՛ն պիտի տեւեն Եւրոպական Միութեան հետ համարկման կողմնակիցներու` Անկախութիւն հրապարակին վրայ կատարած ցոյցերը:
Ան նշած է, որ իրենք պիտի նային, թէ ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ կիրակի օր ու գիշեր տեղի ունենալիք ցոյցը, որմէ ետք պիտի տան որոշումը:
Նախապէս ուքրանական ընդդիմութեան ղեկավարները յայտարարած էին, որ ցոյցերը պիտի շարունակուին մինչեւ 17 դեկտեմբեր, երբ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ պիտի այցելէ Ռուսիա:
Ռուսիա Եւրոպական Միութեան Հետ
Սահմանին Վրայ «Իսքանտեր–Մ»
Հրթիռային Համակարգե՞ր Կը Տեղադրէ
Գերմանական «Պիլտ» պարբերականը` հիմնուելով արբանեակային գաղտնի լուսանկարներու վրայ, կը պնդէ, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները առնուազն 10 «Իսքանտեր-Մ» հրթիռային համակարգեր տեղադրած են եւրոպական շարք մը երկիրներու` մասնաւորաբար Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ եւ Էսթոնիոյ հետ սահմանին վրայ:
«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ցամաքային տարբեր թիրախներու ոչնչացման համար նախատեսուած նշեալ հրթիռային համակարգերու տեղակայումը տեղի ունեցած է անցեալ մէկ տարուան ընթացքին:
«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը յիշեցնէ, որ 2011-ին Ռուսիոյ այն ժամանակուան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հակահրթիռային համակարգերու տեղակայման պիտի պատասխանէ նախ եւ առաջ Քալինինկրատի մարզին մէջ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռային համակարգերու տեղակայումով:
Ուքրանիոյ Վարչապետը
Պատրաստ Է Հրաժարական Տալու
Gazeta.ru կայքէջը` վկայակոչելով ուքրանական ՈՒՆԻԱՆ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով Համազգային «կլոր սեղան»-ի ընթացքին խորհրդարանական ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավար Արսենի Եացենիուքի հետ ունեցած վիճաբանութեան ժամանակ խոստացած է «իր պաշտօնին վերաբերեալ որոշում տալու»:
Վիճաբանութեան ընթացքին Եացենիուք ըսած է, որ երկրին մէջ ճգնաժամի հիմնական պատճառը այն է, որ Ազարով «իր աթոռէն չի բաժնուիր» եւ չ՛ուզեր հրաժարական տալ:
«Ինչ կը վերաբերի պաշտօնիս… Ես համարձակութիւն ունիմ եւ որոշում պիտի տամ», պատասխանած է Ազարով:
Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ մէջ 21 նոյեմբերէն ի վեր տեղի կ՛ունենան բողոքի ցոյցեր, որոնց պատճառը իշխանութիւններու` Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրման աշխատանքները կասեցնելու որոշումն է:

