Ֆապիւս «Ժընեւ-2»-ի Յաջողութեան Նկատմամբ «Մեծ Կասկած» Կը Յայտնէ

Լորան Ֆապիւս
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս շաբաթ օր Մոնաքոյի մէջ Համաշխարհային քաղաքականութեան խորհրդաժողովի մասնակիցներուն առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Սուրիոյ պարագային, ցաւօք, շատ յոռետես եմ»:
«Մենք աշխատանք կը տանինք («Ժընեւ-2»-ի) յաջողութեան համար, սակայն այդ առնչութեամբ մեծ կասկած ունինք: Եթէ ցաւօք յաջող չըլլայ, ատիկա կը նշանակէ, որ այս նահատակ երկիրը, ինչպէս նաեւ անոր դրացիները պիտի շարունակեն տառապիլ», նշեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:
Ֆապիւս ընդունեց, որ սուրիական չափաւորական ընդդիմութիւնը դժուար կացութեան մէջ է: «Պաշշար Ասատ կը յայտնէ, որ ինք Ժընեւ ներկայացուցիչներ պիտի ուղարկէ: Մինչ Ասատ բազմաթիւ յանցանքներ ունի, ան ապուշ մը չէ… չենք տեսներ, թէ ինչո՛ւ իր ամբողջ իշխանութիւնը պիտի յանձնէ: Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան, որուն մենք կը զօրակցինք, անիկա մեծ դժուարութեան մէջ է»:
Ֆայսալ թագաւորի անուան հետազօտութեան եւ իսլամական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի վարչական խորհուրդի նախագահ Թուրքի Ֆայսալ իշխանը իր կարգին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիացի ընդդիմադիրները տագնապին սկիզբէն ի վեր դժուար կացութիւն մը կը դիմագրաւեն, որովհետեւ Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն մերժեցին անոնց օժանդակել»:
Ան նախատեսեց, որ «կռիւն ու սպանութիւնը շարունակուին»` աւելցնելով, որ «այս տագնապին կասեցման մէջ յաջողութիւնը Ասատի վարչակարգին վերջ տալն է»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ռաշա-24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «կարելի ամէն բան պէտք է ընել` սուրիական կառավարութեան ու ազգային ընդդիմութեան միջեւ օտարերկրացի ահաբեկիչներուն դէմ պայքարելու կարող դաշինք մը յառաջացնելու համար»:
Ան նշեց, որ յստակացող կացութիւնը բոլոր հայրենասէր սուրիացիներուն կը ստիպէ իրենց համար կարեւորագոյնը ընտրելու. կ՛ուզեն Սուրիան խալիֆայութեան վերածել փափաքողներուն կողքի՞ն կռուիլ, թէ՞ իրենց երկրին դարերով ունեցած պատկերը` բոլոր հատուածները, յարանուանութիւնները եւ ցեղային խումբերը միաւորող աշխարհիկ պետութիւնը վերականգնելու համար միաւորուիլ:
fabiuse vograkors hryaye zakoumov haga kridonya hryastani nergayatsoutsichne erdoganin paregamnné socialistnere fransagan mafiayé hayou paregam tche tchnamié