2014-ին Ազրպէյճանէն Դէպի Թուրքիա Ելեկտրականութիւն Պիտի Արտածուի

electricity1512«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ «Ազերէնըրճի»-ի նախագահ Էթիպար Փիրվերտիեւ լրագրողներու յայտնած է, որ Ազրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա ուժանիւթի կամուրջին ծիրին մէջ, 2014-էն սկսեալ ելեկտրականութեան արտածում կը նախատեսուի:

Ըստ Փիրվերտիեւի, Ազրպէյճանի տարածքին մէջ համապատասխան աշխատանքները աւարտած են:

Մէկ օր առաջ տեղի ունեցած էր ելեկտրականութիւն փոխանցող ենթակառոյցի վրացական մասի բացման արարողութիւնը:

Փիրվերտիեւ նշած է, որ միայն Թուրքիոյ տարածքին մէջ մնացած են որոշ աշխատանքներ, որոնց աւարտը կը նախատեսուի յառաջիկայ ամիսներուն: Ան նաեւ նկատել տուած է, որ կ՛ընթանան ելեկտրականութեան մատակարարման շուրջ բանակցութիւններ, որոնք վերջ պիտի գտնեն Թուրքիոյ տարածքին մէջ կատարուող աշխատանքներու աւարտէն ետք:

Share this Article
CATEGORIES