Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը շաբաթավերջին Տահր Պայտարի մէջ ձերբակալեցին Ժիհատ Համիէն եւ անոր ընկերակիցներէն մէկը: Համիէի դէմ 12 բերման գիրեր արձակուած են:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ուահապ շեշտեց, որ 9+9+6 տարազին հիման վրայ կազմուելիք կառավարութիւնը ընդունելի է:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի սպաներէն գնդապետ-զօրավար Պեն Լուլու շեշտեց, որ Հըզպալլա Իսրայէլի դիմադրող ամէնէն ուշիմ թշնամին է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Իսրայէլ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի դէմ յարձակելու անոր թիկունքէն` Սուրիայէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը մաղթէ, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուի, արդար կառավարութիւն մը կազմուի, կրօնները յարգուին եւ խօսքի ազատութիւնը պահպանուի:
ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Սուրիոյ ընդդիմութիւնը կը գողնայ երկրին հնութիւնները եւ զանոնք կը վաճառէ Լիբանանի ու Թուրքիոյ մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Թրիփոլի կարիքը ունի օրէնքի արդար գործադրութեան` աւելցնելով, որ իրենք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն կը պահանջեն իրապաշտ կառավարութիւն մը կազմել:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի անձամբ մեկնի Հոլանտա` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ներկայացնելու համար իր վկայութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա ոչ ոք կը զինէ: Ռիֆի աւելցուց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը Լիբանանի մէջ երկրաշարժ պիտի պատճառէ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունենայ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կամ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի հետ: Հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Քաթարի կամ Ժընեւի մէջ:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնները լաւ են, եւ անոնք մնայուն կերպով կը խորհրդակցին:

