Թրիփոլիի Մէջ Ազգային Համակեցութեան Խորհրդաժողովի Եզրափակում

Խորհրդաժողովին մասնակիցներէն մաս մը
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ կազմակերպուած Ազգային համակեցութեան նուիրուած խորհրդաժողովը երէկ եզրափակուեցաւ Թրիփոլիի «Քուալիթի Ին» պանդոկին մէջ` ներկայութեամբ քաղաքական եւ սենտիքայական պատասխանատու դէմքերու:
Խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ մասնաւորաբար Թրիփոլիի զարգացումները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա խորհրդաժողովի աւարտին յայտնեց, որ Թրիփոլի այցելութեան նպատակն է հաստատել, որ Թրիփոլիի բնակիչներուն միջեւ տարբերութիւն չկայ: Ան աւելցուց, որ Պաալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի բնակիչները նոյն շրջանի բնակիչներ են:
Սինիորա կոչ ուղղեց կազմելու փոխանցման կառավարութիւն մը, որուն մաս կազմեն ոչ կուսակցականներ:
Սինիորա Հըզպալլան ամբաստանեց լիբանանցիներու շահերուն մասին չմտածելու, Սուրիոյ տագնապէն հեռանալու պահանջներուն չընդառաջելու, ինչպէս նաեւ ապօրինի զէնքին գոյութեան առումով իր յամառութիւնը շարունակելու յանցանքներով:
«Ո՛չ պարսկական Լիբանանին, ո՛չ ամերիկեան Լիբանանին: Կը մերժենք ծայրայեղութիւնը եւ անընդունելի կը նկատենք կարգ մը քրիստոնեաներուն ցուցաբերած նեղսիրտ մօտեցումը: Կը մերժենք ուիլայաթ ֆաքիհի տեսլականով գործող կարգ մը շիի խմբաւորումները, ինչպէս նաեւ կը մերժենք հաւատադրժողական մօտեցումներ ունեցող սիւննի խմբաւորումները», ըսաւ ան:
Սինիորա հաստատեց, որ իսլամ թէ քրիստոնեայ աղօթավայրերու դէմ գործուող յարձակումները ոճրագործութիւն կը նկատուին եւ անոնք խստիւ դատապարտելի են:
Խորհրդաժողովին մասնակիցները հաստատեցին, որ անհրաժեշտ է Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն դէմ պայթումները կատարող կողմերը պատժել, ինչպէս նաեւ զօրակցիլ ապահովութեան ուժերուն:
Նշենք, որ Սինիորա, ընկերակցութեամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահի եւ երեսփոխան Մարուան Համատէի, այցելեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի բնակարանը:
Շաար դրուատեց խորհրդաժողովէն բխած կեցուածքները` ընդգծելով, որ անոնք կ՛արտայայտեն շատ մը լիբանանցիներու տեսակէտը: