Արեւելք Կուսակցութիւնը Բողոքի Ցոյց Մը Կը Կատարէ Թրքական Դեսպանատան Դիմաց

Բողոքի ցոյցէն պահ մը
Ընդառաջելով Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին կոչին, որուն հիման վրայ ան պահանջած էր բողոքի ցոյցերու ճամբով ճնշում բանեցնել` ազատ արձակելու համար Մաալուլայի մայրապետներն ու Հալէպի մէջ առեւանգուած Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները, Արեւելք կուսակցութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Լիբանանի թրքական դեսպանատան դիմաց կատարեց բողոքի ցոյց մը:
Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազեզէն ազատ արձակուած լիբանանցիներու մէկ պատուիրակութիւնը` ընկերակցութեամբ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպի:
Բողոքի ցոյցին ընթացքին խօսք առաւ Արեւելք կուսակցութեան նախագահ Ռոտրիկ Խուրի, որ իր խօսքը ուղղելով Թուրքիոյ դեսպանին ըսաւ. «Ո՛վ դաժան սուլթանի ներկայացուցիչ, լաւ լսէ մեզի. Արեւելքը իր ճիտը ձեզի պիտի չյանձնէ: Մեր սրբութիւնները եւ եկեղեցիները թիրախ պիտի չդառնան ձեր աւազակներուն եւ ահաբեկիչներուն սրբապղծումի արարքներուն: Այա Սոֆիան եկեղեցի մըն է, մենք պիտի չթոյլատրենք, որ գողնաք զայն եւ միլիոնաւոր քրիստոնեաներ ընդվզումի մատնէք: Ձեր սուլթանը մեր ոտքերուն տակ կը գտնուի»:
Խուրի յայտնեց, որ Լիբանանը Մաալուլա է, Անտիոք է, Երուսաղէմ է, Կիլիկիա է եւ Արեւելք է:
«Չըլլայ թէ քրիստոնեային խաչելութեամբ սպառնաք, որովհետեւ ան երրորդ օրը յարութիւն կ՛առնէ, իսկ դուք կը մահանաք, չըլլայ թէ անոր սպառնաք առեւանգումով, որովհետեւ անիկա իր կապանքներով հանդերձ ազատ է եւ դուք էք արգելափակեալները», ըսաւ Խուրի:
Ան ընդգծեց, որ եպիսկոպոսներուն ճակատագիրին մասին իմանալու եւ մայրապետները ազատ արձակելու արշաւը պաշտօնապէս սկսած է եւ պիտի ծաւալի թրքական շահերուն դէմ:
«Դուք կը զօրակցիք ահաբեկչութեան եւ չէք ամչնար, դուք էք Թուրքիան իր բուն բնակիչներէն` քրիստոնեաներէն դատարկողը, սակայն պիտի չյաջողիք Արեւելքը իր քրիստոնեաներէն պարպել, նոյնիսկ եթէ բոլորս սպաննէք», եզրափակեց Խուրի:

