Իտալիոյ Վարչապետը Լիբանանին Կը Տրամադրէ Մարդասիրական Եւ Զինուորական Զօրակցութիւն

Նախագահ Սլէյման եւ Լեթա

Նախագահ Սլէյման եւ Լեթա

Իտալիոյ վարչապետ Էնրիքօ Լեթա շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր յայտնեց, թէ Իտալիա սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութեան համար 50 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ` աւելցնելով, որ Իտալիա պիտի հիւրընկալէ լիբանանեան բանակին զօրակցութեան խորհրդաժողով մը:

Լեթա այցելեց Պըրժ Պարաժնէի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներու յատուկ գաղթակայան մը, ուր յայտարարեց, թէ Իտալիա պիտի զօրակցի Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն:

«Իտալիա նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ կը փափաքի անոր օժանդակելու ընդմէջէն` օժանդակել նաեւ ձեզի», ըսաւ Լեթա:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Իտալիոյ վարչապետը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին Լեթա քննարկեց նաեւ Իտալիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնները, եւ այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ Իտալիա պիտի աւելցնէ բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնները, յատկապէս` ռազմափորձերու եւ զինուորական մարտավարութիւններու առումով:

Լեթա հաստատեց, որ Հռոմ պատրաստ է լիբանանեան բանակին զօրակցութեան խորհրդաժողով մը հիւրընկալելու` գործակցութեամբ ՄԱԿ-ին:

Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն մասին նախագահ Սլէյման եւ Լեթա շեշտեցին անոնց օժանդակութեան առնչութեամբ միջազգային ընտանիքին կողմէ բեռը բաժնեկցելու յանձնառութեան պահպանումը:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Լեթան, որուն հետ քննարկումներուն ընթացքին շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներուն համար կարեւորագոյն օժանդակութիւնը պիտի ըլլայ «Ժընեւ – 2» խորհրդաժողովին գումարումը, որպէսզի կարելի ըլլայ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնել:

Վարչապետարանին Մէջ

Լեթա եւ Միքաթի` մամլոյ ասուլիսի ընթացքին

Լեթա եւ Միքաթի` մամլոյ ասուլիսի ընթացքին

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լեթան, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ ան լաւատեսութիւն յայտնեց Իրանի մէջ արձանագրուած նոր արդիւնքներէն:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Լեթա հաստատեց, որ Իտալիա կը զօրակցի Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն հոլովոյթին:

Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու ծիրին մէջ Լեթա շեշտեց, որ ինք Լիբանան պիտի գործուղէ իտալացի գործատէրերու պատուիրակութիւն մը, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` բարելաւելու համար Լիբանանի եւ Իտալիոյ տնտեսական յարաբերութիւնները:

Լեթա մաղթեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապը լուծուի եւ կարելի ըլլայ մօտիկ ապագային կազմել կառավարութիւն մը:

Իր կարգին, Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մասնակցող իտալական զօրամասին առաքելութեան համար: Ան հաստատեց, որ տակաւին բազմաթիւ առիթներ կան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով:

Լեթա Կ՛այցելէ Նաքուրա

Լեթա ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղաքաղաքը, ուր ստուգեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասը:

Լեթա ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու Նաքուրայի կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հետ:

Աւարտելէ ետք Լիբանան կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը, Լեթա մեկնեցաւ Հռոմ:

 

Share this Article
CATEGORIES