Նախագահ Սլէյման Մեկնեցաւ Փարիզ

Նախագահ Սլէյման եւ Ժոմպլաթ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մեկնեցաւ Փարիզ:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին զարգացումներն ու Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:
CATEGORIES Լիբանանեան

