Հարաւային Լիբանանը Ցնցող Երկու Միջադէպեր
Երէկ ուշ երեկոյեան հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խզուեցաւ, երբ երկու անջատ միջադէպեր ցնցեցին Սայտան եւ սահմանային Կապոյտ գիծը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Ըստ բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, երէկ երեկոյեան ժամը 9:15-ին անծանօթ զինեալ մը ձեռնառումբ մը նետեց Սայտայի Աուալի շրջանին մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի անցարգելին վրայ` վիրաւորելով երկու զինուորներ:
Իբրեւ հակազդեցութիւն այս արարքին, բանակայինները կրակ բացին յանցագործին ուղղութեամբ եւ սպաննեցին զայն:
Հաղորդագրութեան համաձայն, երեկոյեան ժամը 10:00-ին, «Էնվոյ» տիպի (4×4) ինքնաշարժ մը, որ երեք զինեալներ կը փոխադրէր, կանգ առաւ լիբանանեան բանակի Մեժտալիունի անցարգելին վրայ:
Ինքնաշարժին մէջ գտնուող անձերէն մէկը իջաւ ինքնաշարժէն եւ անցարգելին դիմաց անձնասպանական գործողութիւն մը կատարեց` ձեռնառումբով ինքզինքը պայթեցնելով:
Այս գործողութեան պատճառով նահատակուեցաւ նաեւ բանակի յիսնապետներէն Սամեր Ռըզք, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցաւ այլ բանակային մը եւ քաղաքացի մը:
Անցարգելին վրայ գտնուող բանակայինները կրակ բացին միւս երկու զինեալներուն վրայ եւ սպաննեցին զանոնք:
Բանակին դէմ գործուած զոյգ յարձակումներուն առնչութեամբ հետաքննութիւն բացուեցաւ:
Նաքուրայի Մէջ
Սայտայի մէջ զինեալ բախումներն ու ապակայուն մթնոլորտը հակակշիռի տակ չառնուած, Նաքուրայի մէջ արձանագրուեցաւ ապահովական այլ միջադէպ մը, որուն մանրամասնութիւններուն համաձայն, իսրայէլացի զինուոր մը սպաննուած էր սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ` լիբանանեան բանակին կողմէ ստանալով փամփուշտ մը:
Նշենք, որ այս միջադէպին պատճառով լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանին վրայ կազմ ու պատրաստ վիճակ ստեղծուեցաւ լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակներուն կողմէ:
Իսրայէյեան ուժերը գործուած արարքը նկատեցին ոճրային եւ ինքնագլուխ աքթ մը` նշելով, որ Իսրայէլ անոր պիտի պատասխանէ յարմարագոյն ժամանակին:
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Միլոշ Շթրոկըր կէս գիշերին յայտնեց, որ միջադէպը պատահած է պաղեստինեան կողմին մէջ` աւելցնելով, որ միջազգային մակարդակի վրայ հաղորդակցութիւններ կը կատարուին լիբանանեան բանակին եւ իսրայէլեան ուժերուն հետ` յստակացնելու համար պատահարին մանրամասնութիւնները:
Շթրոկըր յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը երկու կողմերէն ինքնազսպում պահանջած է:
Իր կարգին, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու այլ բանբեր Անտրէա Թինընթի շեշտեց, որ Ռաս Նաքուրայի մէջ` վտանգաւոր միջադէպ մը պատահած է, աւելցնելով, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակներու հրամանատարներէն պահանջած է ինքնազսպումի ենթարկուիլ:

