Հուլակու Կը Հերքէ Ցեղասպանութիւնը Ընդունող Ուսանողները Կրթաթոշակէ Զրկելու Լուրը

Մեթին Հուլակու
Թուրք պատմագիտական ընկերութեան նախագահ Մեթին Հուլակու մեկնաբանած է «Ակօս» շաբաթաթերթի հաղորդած այն լուրը, թէ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրող ուսանողներուն կրթաթոշակ պիտի չտրամադրուի:
Ըստ թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին, Հուլակու հաստատած է, որ ընկերութիւնը համալսարաններէն խնդրած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ աշխատութիւն գրողներու անուններն ու անոնց աշխատանքներուն վերնագիրները: Ան պնդած է, որ իրենք ուսանողներու հաշուարկում չեն կատարեր, այլ անոնց աշխատանքներով հետաքրքրուած են, որպէսզի անոնք ընդգրկուին 2015-ին հրատարակուելիք հայ-թրքական յարաբերութիւններուն նուիրուած բազմահատոր աշխատութեան մէջ:
Անդրադառնալով իրենց աշխատութիւններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունող ուսանողներուն կրթաթոշակ չտալու հարցին` Հուլակու դարձեալ հերքած է զայն` պնդելով, որ իրենք կրթաթոշակ կու տան աշխատութիւն պատրաստողներուն, ոչ թէ կ՛ուսումնասիրեն, թէ անոնք ի՛նչ աշխատութիւն կը գրեն, եւ ապա որոշում կը կայացնեն:
Յիշեցնենք, որ Թուրք պատմագիտական ընկերութեան պատասխանատուներէն մէկը «Ակօս»-ին յայտնած էր, որ իրենց աշխատութիւններուն մէջ 1915-ի դէպքերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ընդունող ուսանողները կրթաթոշակ չեն կրնար ստանալ, որովհետեւ Թուրքիան պաշտօնապէս չ՛ընդունիր Հայոց ցեղասպանութիւնը:

