ԱԶԳ. ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Յունիս ամիսը դպրոցական տարեվերջի հանդիսութիւնները ծանուցանողն է: 15 յունիս 2011, երեկոյեան, «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահը լեցուած է ուրախ հանդիսականներով, որոնք եկած էին ներկայ գտնուելու իրենց զաւակներուն, թոռներուն առաջին յայտնագործութիւնը հաստատելու բեմական համարձակութեան:
Բեմը ամէնուն ուշադրութիւնը կը գրաւէր ինքնուրոյն յարդարանքով: Ծաղիկներ, թուփեր, պարտէզ մը` հաճոյատեսիլ, որուն վերեւ արձանագրուած է մեծատառ «Հայ մանուկի տարին»: Ըսելու կարիք չկայ, թէ 2011-ը Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած էր Հայ մանուկի տարի: Այս թեման ծաղկած էր «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ: Բեմին վրայ, ծաղկանց միջեւ զետեղուած են մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն լուսանկարները, բոլորաձեւ շրջանակուած. ուսուցիչներուն ջանքերով բերուած նորութիւն մը` ակնահաճոյ եւ ոգեւորիչ: Այս պարագային կարելի է շնորհաւորել վարիչ մանկապարտիզպանուհի Իրմա Ճէրէճեանը, որ ամէն տարի հանդէս կու գայ իբրեւ նուիրեալ մանկավարժ:
Օրուան թեման հեքիաթային աշխարհի մը մէջ հուրի-փերի պարիկին փնտռտուքն էր, որ պիտի շնորհէր աշխարհի խաղաղութիւն, մանուկներուն երջանկութիւն, մեր հայրենիքին ազատ ու անվտանգ բախտաւորութիւն: Բարի պարիկը կը շնորհէր խնդրանքները իրեն դիմող մանուկներուն, որոնք գոհացած` կը վերադառնային իրենց տուները:
Բեմին վրայ, երաժշտութեան անդադար եւ հաճելի հնչեղութեամբ մեր մանուկները պարեցին, երգեցին, ոմանք իրենց ծնողները որոնեցին եւ բարեւներ փոխանցեցին իրենց փոքրիկ ձեռքերով` ցնծութիւն պարգեւելով ներկաներուն, արժանանալով անոնց ծափերուն:
Բնութեան մէջ, դէպի հայրենիք, ընտանեկան բարօրութիւն, մանուկներու ուրախութիւն հայցելով, կենդանի պատկերներու ներկայացումը եղաւ պատգամ մը, մաղթանք մը եւ օրհնաբեր բաղձանքներ փոխանցող տրամադրութիւն:
Պէտք չէ մոռնանք այս արտայայտութիւնները գունաւորող ու գեղեցկացնող մանուկներու հագուստները, տարազները` ճաշակով պատրաստուած:
Հերթը կու գայ տարուան ընթացքին վարժարանին մէջ մանկապարտէզին ապրած ու անցուցած հաճելի եւ օգտաշատ առօրեային, որ ներկայացուեցաւ տեսերիզով: Ներկաները հետեւեցան այս պատկերաւոր վկայութեան եւ հաստատեցին, որ նուիրեալ աշխատանք կատարուած է մանկապարտէզին մէջ, հոգատար ու դաստիարակ մանկավարժներու գործակցութեամբ:
Վկայականներու բաշխումէն առաջ վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան ամփոփ ծանօթութիւններ տուաւ դպրոցին ներքին կեանքին մասին` շնորհակալութիւն յայտնելով վարժարանի հոգաբարձութեան, համանուն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տիկնանց վարչութեան, ծնողական խորհուրդին, բարեսէր միութիւններուն, ծնողներուն, եւ ամէն անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակած էին վարժարանին: Ապա բեմ հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երիտասարդ միաբաններէն Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանը: Ան շնորհաւորեց փոքրիկ շրջանաւարտները` անոնց մաղթելով բարձրագոյն ուսման հասնելու բախտաւորութիւն, ծնողներուն յայտնելով շնորհաւորութիւնները, մաղթելով շարունակել իրենց հոգատարութիւնը, հայկական վարժարաններուն յանձնելով իրենց սիրասունները, ուր միայն կարելի է հայ ապրիլ եւ հայանալ:
Վկայականներ ստացան` Ալեքս Սինանեան, Դանիէլ Օհաննէսեան, Սարգիս Հալաճեան, Սէրուժ Եագուպեան, Յարութ Փոլատեան, Յակոբ Բորբոսեան, Յովսէփ Օհաննէսեան, Վարդան Ասայեան, Վիթալի Նալպանտեան, Ալեն Մըսթօ, Քրիսթօ Զաքարեան, Սարին Գունտաքճեան:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ստեփանոս վարդապետին «Պահպանիչ»ով:
Ս. Պ.