Շարմազանով Հանդիպում Ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարին Հետ
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Քիրիաքոս Երոնթոփուլոսի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:
«Շարմազանով փաստեց, որ հայ-յունական յարաբերութիւնները ունին բազմադարեան պատմութիւն, եւ երկու ժողովուրդները դարեր շարունակ ունեցած են նոյն հոգերը: Այսօր հայ-յունական յարաբերութիւններու օրակարգը յագեցած է, եւ նորագոյն շրջանին մէջ երկու պետութիւններու յարաբերութիւնները կը զարգանան աշխուժօրէն», հանդիպման մանրամասնութիւնները ներկայացուց Ազգային ժողովի տեղեկատուութեան վարչութիւնը:
Շարմազանով նշեց, որ Հայաստանի մէջ բաւական աշխուժ է յունական համայնքը, եւ աշխուժ համագործակցութիւնը կը միաւորէ ժողովուրդները: Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ աշխուժ մասնակցութիւն ունենալու համար` Շարմազանով կարեւոր նկատեց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ ժխտողականութեան դէմ պայքարելու գործին մէջ երկու ժողովուրդներու ջանքերուն միաւորումը:
Յոյն փոխնախարարն ալ նշեց, որ ասիկա իր առաջին այցելութիւնն է Հայաստան, եւ դրական կը գնահատէ հայ-յունական միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները:

