Ահմեթ Տաւութօղլուի Աթէնք Այցելութեան Առիթով`. ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ցոյցը Իր Նպատակին Հասաւ

slide-show-mikri-«Ազատ օր» հաղորդեց, որ անցեալ ուրբաթ օր ցուցարարներ հաւաքուեցան Նէա Զմիռնիի «Իմվրիոն» միութեան կեդրոնատեղիին առջեւ, ուր պիտի ժամանէր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու` Իմվրոս կղզիի մշակութային ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէսի մը բացման ներկայ գտնուելու համար:

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան անդամներուն ընկերացած էին Պոնտոսի երիտասարդական միութեան նախագահն ու անդամները:

Ցուցարարները կանուխէն հաւաքուեցան կեդրոնի մուտքին առջեւ, սակայն երբ փորձեցին պահանջատիրական պաստառ մը պարզել, ոստիկանութիւնը քանի մը մեթր ետ մղեց զիրենք: Այսուհանդերձ, ցուցարարները տեղւոյն վրայ մնացին` պահանջատիրական կարգախօսներ բացագանչելով, մինչեւ Տաւութօղլուի ժամանումը:

Մէկ ժամ ուշացումով հասաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Իր ժամանումի ընթացքին ցուցարարներու բողոքը սաստկացաւ: Տաւութօղլու առաջնորդուեցաւ «Իմրիոն» միութեան սրահը, ուր դիմաւորուեցաւ միութեան նախագահին եւ անդամներուն կողմէ: Ինք եւս ողջոյնի կարճ խօսք մը ուղղեց:

Խօսքերու լման տեւողութեան, դուրսէն կը լսուէին ցուցարարներուն ձայները. հակառակ թուրք նախարարին ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներուն ճիգին` դուռ-պատուհան փակելու առումով, երբեք կարելի չեղաւ խանգարել ցուցարարներու բողոքի ձայնը:

«Թուրքիա, ճանչցի՛ր Հայոց ցեղասպանութիւնը», «Հայեր, պոնտացիներ, կիպրացիներ` միացեալ պայքար», «Հայութեան արդար իրաւունքը կը պահանջենք» կարգախօսները բարձրաձայն կ՛արձագանգէին սրահին մէջ` շարունակաբար խանգարելով ելոյթ ունեցող թուրք նախարարը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )