Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

horoscope1-saidaonline

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ նոր ծրագրի մը մասին որոշում պիտի տաք, ամէն բանէ առաջ լաւ սերտեցէք հարցին նիւթական բաժինը, որպէսզի ձեր կարողութեան համեմատ շարժիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ նուէր մը ընծայելու հարց ունիք հարազատի մը կամ բարեկամի մը, հետամուտ մի՛ ըլլաք սուղ նուէր մը գնելու: Կը բաւէ ձեր վերաբերումին միտքն ու զգացողութիւնը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աթէ մուրհակ վճարելու պարտաւորութիւն ունիք, մի՛ մոռնաք: Ճիշդ օրին ներկայացէք դրամատուն: Այսպիսով կ՛արժեւորուի, եւ կը գնահատուի ձեր վարկը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գործի առնչութեամբ տեղափոխութիւն մը հաւանական է: Ուշադիր եղէք այս նոր շրջանակին մէջ ձեր կատարելիք գործունէութեան: Յարգալիր եղէք նոր դէմքերու նկատմամբ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հրաւէր մը պիտի ստանաք ընկերութենէն մը` ձեր ասպարէզին վերաբերեալ գիտելիքներու տեղեկանալու: Պիտի ստանաք համապատասխան վարձատրութիւն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր կասկածը պիտի փարատի ծրագրի մը կապակութեամբ, որովհետեւ արդէն իրագործած էք տուեալ ծրագրին նպաստող գիտելիքներ: Ապահով եղէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ոտքերը երկարեցէք ձեր վերմակին համեմատ: Այս առածը կ՛ուղղուի ձեզի, որպէսզի ուշադիր ըլլաք ձեր կատարած ծախսերուն: Հեռու եղէք մսխումէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մնացէք ձեր դիրքին վրայ` առանց միջամուխ ըլլալու շրջապատի հարցերուն: Եթէ հարցումներ ուղղեն ձեզի, պատասխանեցէք ըստ կարելւոյն, անկեղծութեամբ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեզի ուղղուած նամակներուն պատասխանեցէք առանց ուշացնելու: Ձեզմէ հեռու ապրող ձեր հարազատները կ՛ուզեն տեղեկանալ ձեր վիճակին մասին: Գոհացուցէք անոնց հետաքրքրութիւնը եւ պահանջը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ մտածէք այնպիսի անձերու մասին, որոնք կը սիրեն օգտուիլ ձեր գիտելիքներէն եւ կարողութիւններէն, նիւթական թէ բարոյական իմաստով: Մի՛ քաջալերէք զանոնք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութիւնը լաւագոյն բարեկամն է ձեր հոգեկան եւ մտաւոր ծանրաբեռնուածութիւնը ամոքելու: Առանձին կատարեցէք պտոյտ մը դէպի ձեր սիրած վայրերը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գլուխ գլխի տեսակցութիւն մը պիտի կատարէք ձեր սիրած անձին հետ: Անկեղծ տրամադրութեամբ պատասխանեցէք ձեզի ուղղուած հարցումներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )