«Էն. Պի. Էյ.». Պլէյզըրզ Նշանակեց Այս Տարեշրջանի Ամէնէն Շատ Կէտերը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ութ մրցումներ:

Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ յաջողեցաւ հանդիսանալ այս տարեշրջանին այն առաջին կազմը, որ իր կատարած մրցումին նշանակեց ամէնէն շատ կէտերը, երբ 139-105 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզը:

Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտերը նշանակեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզի մարզիկներէն Քրիս Փոլ, երբ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (113-97) նշանակեց 38 կէտ:

Իսկ Քարմելօ Անթոնի, որ մաս կը կազմէ Նիւ Եորք Նիքսի, նշանակեց 35 կէտ, իսկ անոր կազմը 111-106 արդիւնքով յաղթեց Քլիվլենտ Քաւալիրզի:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց 88-85
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 113-97
Մայեմի Հիթ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 114-107
Նիւ Եորք Նիքս – Աթլանթա Հոքս 111-106
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Շիքակօ Պուլզ 99-77
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 139-105
Տալաս Մավըրիքս – Միլուոքի Պաքս 106-93
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Եութա Ճեզ 100-84

Ստորեւ կու տանք այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Սաքրամենթօ Քինկզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Օքլահոմա Սիթի – Օրլանտօ Մեճիք
Տենվըր Նակեթց – Նիւ Օրլինզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ

 

Share this Article
CATEGORIES