Փիւյոլ Կրնայ Աւարտել Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը, Կամ Ալ Հեռանալ Պարսելոնայէն

puyolՔաթալոնիական Պարսելոնայի խմբապետ Քարլես Փիւյոլ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք շատ հաւանաբար աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:

Սպանացի յետսապահը, նախապէս այն կարծիքին էր, որ կը փափաքի իր ասպարէզը աւարտել 40 տարեկանին: Սակայն վերջին շրջանին յաճախակի դարձած վնասուածքները կը խոչընդոտեն անոր փափաքը, կը յայտնէ հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am կայքէջը:

Բացառուած չէ նաեւ այն, որ 35 տարեկան Փիւյոլ լքէ Պարսելոնան եւ իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջին հանգրուանը անցընէ կա՛մ Միացեալ Նահանգներու, կա՛մ ալ Քաթարի մէջ:

Իր ապագային գծով վերջնական որոշում մը տալու համար, Փիւյոլ յառաջիկայ ամիսներուն ալ պիտի սպասէ: Ինչպէս կը յայտնեն սպանական լրատուամիջոցները, ամէն ինչ կախեալ է ֆութպոլիստին մարզավիճակէն:

Share this Article
CATEGORIES