Ճատրակ. Համաշխարհային Մտաւոր Խաղեր. Կայծակնային Ճատրակին Մէջ Արոնեան Գրաւեց 3-րդ Դիրքը

aronian1512Չինաստանի մէջ կը շարունակուին ճատրակի մրցումները արագ, կայծակնային եւ պասքեան ձեւաչափերուն մէջ:

Աշխարհի 16 յառաջատար կրանտմասթըրներու մասնակցութեամբ մրցապայքարին մէջ, կայծակնային ճատրակի մրցումներուն երկրորդ շրջանին անկում նկատուեցաւ Լեւոն Արոնեանի խաղին մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:

Այս ձեւաչափին մէջ մինչ այդ կայացած 10 հանգրուանի մրցումներուն, աշխարհի երկրորդ ամէնէն բարձր վարկանիշը ունեցող Արոնեան 7 յաղթանակ տօնեց` ընդամէնը մէկ պարտութիւն կրելով եւ երկու անգամ հաւասարութիւն արձանագրելով: Այս ցուցանիշով ան ժամանակաւորապէս գլխաւորեց մրցաշարքին առաջին դիրքը` կայծակնային մրցումներուն:

Մինչդեռ կայծակնային մրցումներուն, յաջորդ 10 հանգրուաններուն, Արոնեան քիչ մը անկայուն ձեւով հանդէս եկաւ: Ան սկսաւ 2 հաւասարութեամբ, իսկ 19-րդ եւ 20-րդ հանգրուանի մրցումները դրական ելք չունեցան Արոնեանի համար` կրելով երկու պարտութիւն` ուքրանացի Վասիլի Իվանչուքէն եւ հունգարացի Փիթըր Լեքոյէն:

Այսպիսով, 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, ան 13 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը 14 կէտով կը գրաւէ ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարով:

Share this Article
CATEGORIES