Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին. Ճատրակի Մրցաշարք` Ռուսական Մշակութային Կեդրոնին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբին եւ հովանաւորութեամբ Ռուսական մշակութային կեդրոնին, կիրակի, 22 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ ճատրակի Ս. Ծննդեան տարիքային մրցաշարք մը վերոնշեալ կեդրոնին մէջ` Վերտան փողոց, Մանտարինի դիմաց:
Տեղի պիտի ունենան 6 հանգրուանի մրցումներ` ըստ զուիցերիական խաղաոճին:
Այս մրցաշարքին ներկայ պիտի գտնուին Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Ղազախստանէն եւ Հայաստանէն ժամանած ներկայացուցիչներ, որոնք յիշատակի նուէրներ պիտի տան բոլոր մասնակցողներուն եւ պիտի կատարեն տիտղոսներուն եւ մետալներուն մրցանակաբաշխութիւնը:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերել, պարտին նախօրօք իրենց անունները արձանագրել` հեռաձայնելով 03-771795 կամ 71-107591 թիւերէն մէկուն:
Կազմակերպիչ ակումբի ընդհանուր պատասխանատու եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Հիւսէյն Համմուտ յայտարարեց, որ մրցաշարքին մասնակցողները կէսօրուան ճաշի հիւրը պիտի ըլլան հոն, իսկ անոր մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ ձրի:

