Ճատրակ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւններ. Հայաստանի Ներկայացուցիչներուն Արդիւնքները` Արագ Ճատրակի Մրցումներուն

kaprielԻնչպէս ծանօթ է, այս օրերուն Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի կ՛ունենան կայծակնային եւ արագ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանութիւնները:

Արագ ճատրակի մրցումներուն եւս, հայ ճատրակ խաղացողներուն մէջ, կայծակնային մրցումներուն նման ամէնէն բարձր արդիւնքը ցարդ արձանագրած է ողիմպիականի ախոյեան, կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան: Յատկանշական է, որ երկուքին պարագային ալ ան կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:

Կայծակնային մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչներէն 7-րդ դիրքը կը գրաւէ կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան, իսկ ողիմպիականի ախոյեան Տիգրան Լ. Պետրոսեան եւ Կարէն Գրիգորեան յաջորդաբար կը գրաւեն 9-րդ եւ 10-րդ դիրքերը` 432 մասնակցողներուն մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES