Բոլոր Ժողովուրդներու Մանտելան
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդին հետ ամբողջ աշխարհը վերջին հրաժեշտ տուաւ Նելսըն Մանտելայի, որ իր անունը արձանագրեց 20-րդ եւ 21-րդ դարերու պատմութեան մէջ` ստորագրելով փայլուն եւ անաղարտ էջեր:
95 տարեկան Մանտելա աչքերը փակեց ա՛լ չբանալու համար, սակայն ոչ մէկ կասկած, որ մարդկութեան կեանքին ու պատմութեան վրայ կնիք դնող շատերու պէս, ան պիտի անցնի անմահներու շարքին, պիտի յիշուի ոչ միայն իր ժողովուրդին` հարաւափրիկեցիներուն, այլ նաեւ ամբողջ մարդկութեան կողմէ, բոլո՛ր անոնց, որոնց համար ազատութիւն, արդարութիւն, անխտրականութիւն, ղեկավարութիւն (ոչ թէ տիրելու տրամաբանութեամբ իշխանութիւն) եւ նման արժէքներ անսակարկելի ու անյեղլի չափանիշներ են:
Մանտելա պիտի յիշուի իր բազմաթիւ իրագործումներուն համար. պիտի յիշուի, որ ինք արդարութեան ու մարդոց միջեւ հաւասարութեան ախոյեան մըն էր, մեծ յեղափոխական մը` բառին ամէնէն վեհ ու ազնիւ իմաստով. պիտի յիշուի, որ ինք ոչ միայն յեղաշրջեց Հարաւային Ափրիկէի վարչական եւ ընկերային դրուածքը` կեանքէն 27 տարիներ վճարելով բանտային կալանքի, այլ գաղափարակիցներու հետ 60-ական տարիներուն շղթայազերծած պայքարը հասցուց արդար յաղթանակի, ջնջեց խտրականութիւնը, եղաւ հաւասարներու Հարաւային Ափրիկէի առաջին սեւամորթ նախագահը, խորհրդանիշի վերածուեցաւ ամէն գոյնի մարդոց համար:
Մանտելա ռահվիրայ մը, պաշտամունքի արժանի տիպար ու խորհրդանիշ դարձաւ ո՛չ միայն իր ժողովուրդին, այլեւ ամբողջ մարդկութեան համար, Ափրիկէէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը: Անարդարօրէն ահաբեկիչ ծանուցուած Մանտելա իր խաղաղասիրական աննահանջ պայքարով նուաճեց Նոպէլեան խաղաղութեա՛ն մրցանակը (հազուադէպ մրցանակաւորներէն, որոնք յետին հաշիւներով եւ անարդարօրէն չհասան այս մրցանակին): Արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ հաւասարութեան այս դրօշակիրը դարձաւ այս արժէքները մարմնաւորող պետական ղեկավար, չարձանագրեց բազմաթիւ ճակատագրակիցներու սայթաքումները, նախագահական աթոռը չիւրացուց ցկեանս, այլ ճամբայ հարթեց իր հայրենիքին նոր սերունդի ղեկավարութեան: Մինչդեռ, օրինակի համար, դրացի Զիմպապուէի մէջ նոյն բնոյթի պայքարի հնոցէն անցած իշխանաւորներ չդիմացան բարձրագոյն աթոռներու եւ զիրենք «դուրսէն» դարպասողներու հրապոյրներուն , դարձան բռնատէր, մաքրագործեցին իրենց երէկի զինակիցները, ինկան կաշառակերութեան թակարդին մէջ ու փտածութիւն տարածելով` ընկերային պատուհաս դարձան իրենց երկրին ու ժողովուրդին համար (տարբերակներուն կը հանդիպինք քիչ մը ամէն տեղ):
Մանտելա մուտք կը գործէ պանթէոնը այն հազուադէպ մեծերուն, որոնք կը կոչուէին` Ֆրիտճոֆ Նանսեն, Կանտի, Մարթին Լութըր Քինկ, Մայր Թերեզա եւ Տեզմընտ Թութու: Խաղաղութեան ու իրաւունքի համար գործած այս անձնաւորութիւնները չեն պատկանիր միայն իրենց երկիրներուն ու զիրենք ծնած ժողովուրդներուն, այլ խորհրդանիշներ են ամբողջ մարդկութեան համար, այդպէս ալ պիտի մնան ընդմիշտ:
Արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ իւրաքանչիւր պայքարող ու արդարութիւն տենչացող ժողովուրդ ունեցած է ի՛ր Մանտելաները: Իսկ վայրագութեան ալիքներու մէջ տանջուող աշխարհը այսօր եւ մի՛շտ կարիքը պիտի ունենայ Մանտելաներու:

