«Թուրքիոյ Տարբեր Ցեղային Խմբաւորումներուն Միջեւ Խտրութիւն Չենք Դներ Եւ Թուրքերէն Ու Քիւրտերէն Նոյն Հեռաւորութեան Վրայ Ենք» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութեան հասնելէ ետք, Թուրքիոյ 76 միլիոն բնակիչներուն կուսակցութեան վերածուած է:
Ան ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը թուրքերէն եւ քիւրտերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ է եւ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ցեղային 36 խմբաւորումներուն միջեւ խտրութիւն չի դներ:
Էրտողան Անթալիոյ մէջ ծրագիրներու բացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ իր կուսակցութեան իշխանութեան ընթացքին Թուրքիոյ արձանագրած տնտեսական աճին անդրադառնալով յայտնեց, որ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը 27.5 միլիառ տոլարի պարտք ունէր, երբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութիւնը ստանձնած է, իսկ հիմա Կեդրոնական դրամատան մօտ 135 միլիառ 625 միլիոն տոլար գոյութիւն ունի:
«Երբ պետութեան մը Կեդրոնական դրամատունը ուժեղ կ՛ըլլայ, այդ պետութիւնը միջազգային բեմին վրայ ուժեղ կ՛ըլլայ», ըսաւ Էրտողան:

