Գերմանիա Իր Առաջին Թուրք Նախարարն Ու Կին Պաշտպանութեան Նախարարը Ունեցաւ

Այտան Էօզողուզ
Գերմանիոյ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխնախագահ Այտան Էօզողուզ նշանակուեցաւ ներգաղթի, գաղթականներու եւ համարկումի հարցով պետական նախարար, այդպիսով ըլլալով առաջին թուրքը, որ մաս կը կազմէ Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութեան:
Էօզողուզ Գերմանիոյ մէջ հաստատուած թուրքերու երկրորդ սերունդին կը պատկանի եւ դուստրն է առեւտուրով զբաղող ընտանիքի մը, որ 1960-ական թուականներուն Թուրքիայէն պիստակեղէն կը ներածէր:
5 դեկտեմբերին Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին, ան ստացաւ քուէներուն 89 առ հարիւրը եւ ընտրուեցաւ իբրեւ կուսակցութեան հինգ փոխնախագահներէն մէկը: Ան նաեւ առաջին թուրքը եւ առաջին ոչ գերմանացին է, որ այդ պաշտօնը կը ստանձնէ:
Միւս կողմէ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել կիրակի օր Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնը նշանակած է պաշտպանութեան նախարար, ինչ որ հետագային զինք կրնայ դարձնել վարչապետի պաշտօնին գլխաւոր թեկնածուներէն մէկը:
Մերքելի երրորդ նստաշրջանը պիտի սկսի երեքշաբթի, 22 սեպտեմբերին, ընտրութիւններուն մէջ անոր արձանագրած յաղթանակէն երեք ամիս ետք:
Խօսելով ֆոն տեր Լէյէնի մասին` Մերքել ըսած է. «Անոնք, որոնք կը ճանչնան զինք, գիտեն, որ ան միշտ հետաքրքրուած է միջազգային հարցերով` ընկերային քաղաքականութեան հետ միատեղ: Ատիկա հետաքրքրական աշխատանք է, եւ ես համոզուած եմ, որ ան այդ մէկը շատ լաւ կրնայ ընել»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Մերքել կը հերքէ այն լուրերը, թէ իր այս նստաշրջանի կիսուն պիտի հրաժարի: Սակայն իրադարձութիւններու նման զարգացումը այդ լուրերը դարձեալ պիտի աշխուժացնէ, եթէ 55-ամեայ ֆոն տեր Լէյէն նախարարի պաշտօնին վրայ ինքզինք լաւ դրսեւորէ:

