«Եւրոպական Միութեան Դուռը Կը Շարունակէ Բաց Մնալ Ուքրանիոյ Համար» Ըսաւ Հէյկ

Ուիլիըմ Հէյկ

Ուիլիըմ Հէյկ

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան դուռը բաց է Ուքրանիոյ հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրման համար, սակայն «Ուքրանիան տակաւին չի կրնար ներս մտնել»:

«Բրիտանիոյ կը զօրակցի Եւրոպական Միութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ սերտ կապերուն: Ուքրանիա պէտք է որոշում տայ` առանց արտաքին ճնշումի, իսկ անոնք, որոնք կ՛ուզեն Ուքրանիոյ բողոք յայտնել, պէտք է ատիկա ընեն խաղաղ ճամբով: Աւելի բաց եւ ժողովրդավարական Ուքրանիան ձեռնտու է շրջանի բոլոր երկիրներուն, ներառեալ` Ռուսիոյ», ըսած է բրիտանական դիւանագիտութեան պետը:

Հէյկ նախընտրած է չմեկնաբանել Քիեւի վրայ Եւրոպական Միութեան կիրարկած քաղաքական ճնշումը:

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանօ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութեան աշխատանքները դադրեցնելու մասին Ֆիւլէի յայտարարութիւնը Ուքրանիոյ նախագահի եւ կառավարութեան քայլերուն պատասխանն է:

«Ես կը կարծեմ, որ այն յայտարարութիւնները, զորս «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած է Ֆիւլէ, բաւական յստակ են: Ատիկա արձագանգ է Ուքրանիոյ նախագահի եւ կառավարութեան քայլերուն, որովհետեւ անոնց խօսքն ու գործը իրարու չեն համապատասխաներ»:

Ֆիւլէ յայտարարած էր, որ կը կասեցնէ աշխատանքը Ուքրանիոյ հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ, հակառակ անոր որ հինգշաբթի օր կողմերը համաձայնած էին «ճամբու քարտէս» պատրաստել Ընկերակցութեան համաձայնագիրի իրականացման համար:

Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ այդ արժեչափերուն իրականացման համար Եւրոպական Միութենէն կը պահանջուի 20 միլիառ եւրօ, սակայն Պրիւքսէլ պատրաստ չէ նման գումար տրամադրելու:

Ռուսիա Պատրաստ Է
Ուքրանիոյ Վարկ Տրամադրելու

«ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Անտրէյ Պելռուսով չէ բացառած, որ Ուքրանիան Ռուսիայէն խնդրէ իրեն տրամադրել վարկ, որ արդիւնաւոր կերպով պիտի տրամադրուի:

Ռուս պաշտօնատարը ըսած է, որ այժմ Ուքրանիոյ մէջ այնպիսի իրավիճակ է, որ առանց վարկի տնտեսութեան կայունութիւնը պահպանել պարզապէս անկարելի է:

Ան չէ բացառած, որ այդ հարցը արծարծուի այսօր երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ նախատեսուող հանդիպումին ընթացքին:

Վերջերս Ուքրանիա վերահաստատած էր Եւրոպական Միութենէն դրամական աջակցութեան իր ակնկալիքը եւ նշած 21 միլիառ եւրօ գումարը:

Լեհ Երեսփոխաններ Քիեւի Անկախութեան
Հրապարակին Վրայ Վրան Լարած Են

Gazeta.ru` յղում կատարելով Union.net կայքէջին, կը հաղորդէ, որ Լեհաստանի Սէյմի երեսփոխանները վրան լարած են Քիեւի Անկախութեան հրապարակին վրայ:

«Շատոնց ես ինքզինքս այսքան ազատ չեմ զգացած, ինչպէս այստեղ` Մայտանի մէջ (Ազատութեան հրապարակ. «Ա.»): Մենք կ՛ուզենք ձեզի մեր աջակցութիւնը ցոյց տալ», յայտարարած է Սէյմի երեսփոխան Մալկոժաթա Կոսեւսքա:

Խըրխըզիստանի Նախագահ.
«
Մաքսային Միութեան Պիտի Միանանք
Այն Ժամանակ Միայն, Երբ Մեր
Պահանջները Նկատի Առնուին»

Խըրխըզիստանի նախագահ Ալմազպեք Աթամպայեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը Մաքսային միութեան պիտի միանայ այն ժամանակ միայն, երբ իրենց պահանջները նկատի առնուին:

«Պիտի ընթանանք միայն ուղիէ մը, որ Խըրխըզիստանի քաղաքացիներուն շահերը կ՛ապահովէ, իսկ գործնական գետնի վրայ Խըրխըզիստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի»:

 

Share this Article
CATEGORIES