«2007-էն Ի Վեր Կորսուած Ամերիկացին Իրանի Մէջ Չէ» Ըսաւ Զարիֆ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին գործակալ Ռոպըրթ Լիվինսըն, որ 2007-ին իրանեան Քիշ կղզիին վրայ կորսուած էր, իրանեան իշխանութեանց մօտ արգելափակուած չէ:
«Գիտենք, որ Իրանի մէջ արգելափակուած չէ, իսկ եթէ այդպէս է, ապա կառավարութեան մօտ արգելափակուած չէ, եւ կը կարծեմ, որ կառավարութիւնը իր հողատարածքին վրայ լաւ վերահսկողութիւն ունի», նշեց Զարիֆ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լիվինսընը գտնելու պարագային Միացեալ Նահանգներու պիտի յանձնուի՞, Իրանի դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Եթէ զինք գտնենք` հարցը անպայման պիտի քննարկենք»:
CATEGORIES Միջազգային

