Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց հաղորդակցութիւնները բնականոն ընթացքի մէջ են: Ան զարմանք յայտնեց, որ Թուրքիան պատասխանատու կը նկատուի Սուրիոյ մէջ կատարուած առեւանգումներուն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել վաղը` չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին պիտի այցելէ Ռումիէի բանտը, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ կարգ մը արգելափակեալներու հետ` իմանալու համար անոնց պահանջները: Շարպելի պիտի ընկերակցին արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքին միջեւ մօտիկ ապագային հանդիպում մը պիտի կատարուի:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ երկրին մէջ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը չի կազմուիր` կանխարգիլելու համար անիշխանութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ անձնասպանական գործողութիւններ կ՛արձանագրուին Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ տագնապին միջամտութեան պատճառով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա Լիբանանի մէջ նոր դեսպան մը պիտի նշանակէ: Նոյն օրաթերթը յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ այս շաբթուան ընթացքին ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը պիտի գործուղէ Սէուտական Արաբիա:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, ուրբաթ, 20 դեկտեմբերին Պքերքէի մէջ միջքրիստոնէական հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ: Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ իր նշանակումէն ութ ամիս ետք պիտի չհրաժարի կառավարութիւն մը կազմելու իր պարտականութենէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի նախագահական թեկնածուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ուաթան» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կուսակցութեան պատասխանատուներէն Հասսան Լաքքիսի սպանութիւնը հսկայ գործողութիւն մըն է, որ գործուած է բազմաթիւ ձեռքերով:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը մերժէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահական պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը համոզուած է, թէ այս պարագային անիշխանութիւնը նախընտրելի է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )