Սապունճեան Ուաթքինզի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Արտադրութիւնները Քաջալերելու Թղթածրարը

Սապունճեան եւ Ուաթքինզ

Սապունճեան եւ Ուաթքինզ

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ քննարկեց միջազգային կարիքներն ու լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերելու թղթածրարը, ըլլան անոնք Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու, թէ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութիւններ տրամադրելու մակարդակով:

Վ. Սապունճեան նշեց, որ ինք կը յարգէ Ուաթքինզի կողմէ ցուցաբերուած այդ ըմբռնումն ու գնահատանքը` աւելցնելով, որ լիբանանեան արտադրութիւնները գնելու սկզբունքային համաձայնութիւնը կ՛ամրապնդէ լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզը:

Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ծիրին մէջ յայտարարելու ծրագիր մը, որուն հիման վրայ լիբանանեան հաստատութիւններուն եւ գործարաններուն առաջնահերթութիւն կ՛ընծայուի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )