Նախարար Արիտի Հրաժարեալ Կառավարութենէն Հրաժարեցաւ

Արիտի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին իր հրաժարականը յայտարարեց ընթացիկ հարցերու կառավարութենէն:
Այսպիսով Արիտի նշեց, որ ինք կը դադրի նախարարի պաշտօնակատարի իր պաշտօնէն:
Հետեւաբար հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան պատասխանատուութիւնը ինքնաբերաբար կը վստահուի զինք փոխարինող նախարարին, այս պարագային` Ահմետ Քարամէի:
«Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ. այսպէս էի, այսպէս ալ կը մնամ եւ կը դադրիմ հրաժարեալ կառավարութեան մէջ իմ պաշտօնէս` մուտք գործելու համար քաղաքական արձակուրդի հանգրուան մը, որմէ ետք կը յայտարարեմ այն, ինչ որ պէտք է յայտարարեմ», ըսաւ ան:
Արիտի մամլոյ ասուլիսի մը հրաւիրեց եւ այս յայտարարութիւնները կատարեց դատախազ Ալի Իպրահիմի մօտ հարցաքննուելէ ետք` Լիբանանեան համալսարանի ջուրի ողողումի ենթարկուելուն հարցով:
Արիտի յայտնեց, որ ամիսներէ ի վեր ինք կը յայտարարէ, թէ կայ ընկերութիւն մը, որ ապօրինի կերպով կը գործէ, սակայն ոչ ոք կ՛ուզէ անդրադառնալ այդ իրականութեան:
Նշենք, որ երեկոյեան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք տեղեակ չէ եղած Արիտիի այս որոշումէն եւ առած քայլէն` աւելցնելով, որ այս մասին կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ` քննարկելէ ետք Արիտիի կատարած յայտարարութիւններուն դրդապատճառները:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Արիտի կուսակցական պատկանելիութիւն ունի եւ իր քմահաճոյքին համաձայն չի կրնար գործել:

