Ռաս Նաքուրայի Մէջ Խաղաղութիւնը Վերահաստատուած Է

unifil_lebanonՌաս Նաքուրայի մէջ նախանցեալ գիշեր լիբանանեան բանակին կողմէ իսրայէլեան շրջուն ջոկատի մը դէմ կրակ բանալու եւ իսրայէլացի զինուոր մը սպաննելու ապահովական միջադէպին յաջորդած սահմանային լարուածութիւնը երէկ հանդարտեցաւ եւ զգուշաւոր լռութիւն տիրեց սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ:

Իսրայէլեան ուժերը կը հաստատեն, որ նախանցեալ օր Ռաս Նաքուրայի անցքին վրայ սպաննուած է 31-ամեայ իսրայէլացի զինուոր մը:

Ըստ ապահովական աղբիւրներուն, իսրայէլեան շրջուն ջոկատը խզած էր լիբանանեան սահմանը եւ այդ պատճառով լիբանանցի զինուորը անոր ուղղութեամբ կրակ բացած էր:

Իսրայէլեան ուժերու շրջուն ջոկատին դէմ կրակ բացող լիբանանցի զինուորը Հասան Իպրահիմն է, որ զինեալ այդ միջադէպէն ետք անհետացաւ ամբողջ գիշերուան ընթացքին. ան երէկ առաւօտեան վերադարձաւ զինուորական իր կեդրոնը. ան ամբողջ գիշեր մնացած էր անտառին մէջ:

Իսրայէլեան ուժերը խստացուցին Նաքուրայի, Լապպունէի եւ Ռամիէի սահմաններուն մօտակայքը իրենց շրջուն ջոկատներուն հսկողութիւնը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն խստիւ դատապարտեց սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ արձանագրուած ապահովական խախտումը եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու:

Նշենք, որ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին սահմանային շրջանը մնաց հանդարտ:

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը գործակցութիւն ցուցաբերած են, եւ այդ պատճառով կարելի եղած է սահմանային խաղաղութիւնը վերահաստատել: Ան շեշտեց, որ նախանցեալ գիշերուան ապահովական խախտումին մասին հետաքննութիւն բացուած է:

Լիբանանեան բանակը իր կարգին հետաքննութիւն բացաւ` իմանալու համար զինեալ բախումին դրդապատճառները:

Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն նշուեցաւ, որ Ռաս Նաքուրայի միջադէպը լիբանանցի զինուորի մը ինքնագլուխ աքթն է եւ այդ մասին զինուորական հետաքննութիւն բացուած է: Բանակի հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ իրենք կը գործակցին ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան հետ` աւելցնելով, որ բանակը յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, յատկապէս սահմանային խաղաղութիւնը պահպանելու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին հետ գործակցելու իմաստով:

 

Share this Article
CATEGORIES