Սայտան Բաղկացնող Բոլոր Կողմերը Բանակին Զօրակցութիւն Կը Յայտնեն
Նախանցեալ երեկոյեան Աուալիի եւ Մեժտալիունի լիբանանեան բանակի անցարգելներուն դէմ գործուած ահաբեկչական արարքներէն ետք, երէկ Սայտայի մէջ զգուշաւոր հանդարտութիւն տիրեց:
Բանակը շարունակեց ապահովական իր խիստ միջոցառումները պահել շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ խստացուց իր հսկողութիւնը եւ անցարգելներուն վրայ խուզարկեց ինքնաշարժները:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը գուժեց իր յիսնապետներէն Սամեր Ռըզքի նահատակութիւնը, որ պատահեցաւ նախանցեալ օր Մեժտալիունի անցարգելին վրայ, անոր զինուորական ծառայութեան ընթացքին:
Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, բանակին դէմ անձնասպանական գործողութիւն կատարող ահաբեկիչը` Մոհամետ Զարիֆ, Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն է:
Բանակը խստացուց Սայտայի մէջ իր հսկողութիւնը եւ զայն շրջափակուած պահելով կատարեց ձերբակալութիւններ:
Ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Աուալիի եւ Մեժտալիունի անցարգելներուն դէմ գործուած յարձակումներուն միջեւ կապ մը կայ` շեշտելով, որ բանակին դէմ այս զոյգ արարքները գործող կողմերը ուղղակիօրէն կապուած են Ահմետ Ասիրի եւ անոր հետեւորդներուն, ինչպէս նաեւ ուղղակի կապ ունին իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումը ստանձնող շարժումներուն հետ:
Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Մետժալիունի անցարգելին դէմ կատարուած յարձակումին ընթացքին օգտագործուած «Էնվոյ» տիպի արծաթագոյն ինքնաշարժին մէջ գտնուած է ականուած գօտի մը, որ լարուած 6 ականներէ կազմուած է եւ ամրացուած պայթուցիչի մը:
Ինքնաշարժին մէջ գտնուած են նաեւ երեք ձեռնառումբեր եւ ելեկտրական պայթուցիչներ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց բանակը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու արարքները եւ կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու: Ան հաստատեց, որ բանակը կ՛երաշխաւորէ լիբանանցիներուն ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել սահմանային խաղաղութիւնը եւ յանձնառու մնալ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խստիւ դատապարտեց բանակը թիրախ դարձնող արարքը` ընդգծելով, որ ոչ ոք արտօնութիւն ունի երկրին ապահովութիւնը վտանգելու եւ բանակին հեղինակութեան ու դերակատարութեան դէմ ոտնձգութիւն գործելու:
Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ եւ անկէ իմացաւ բանակին դէմ գործուած բռնարարքներուն առնչութեամբ բացուած հետաքննութեան արդիւնքները:
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Սաատ Հարիրի իրենց կարգին դատապարտեցին բանակին դէմ գործուած արարքը:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ տասը օր առաջ իրենք ստացած էին տեղեկութիւններ` Աուալիի մէջ բանակին դէմ գործուելիք յարձակումի մը հաւանականութեան մասին, եւ բանակը արդէն իսկ իր նախազգուշութիւնները որդեգրած էր:
Շարպել յայտնեց, որ ապահովական կառոյցները կը հսկեն պայթումներու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր լուրերուն` աւելցնելով, որ Մեժտալիունի մէջ պատահածը անձնասպանական գործողութիւն մը չէ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ քաղաքական շրջանակին պատասխանատուութիւնն է նեցուկ կանգնիլ բանակին` դիմադրելու համար ահաբեկչութեան:
Իր կարգին, Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի յայտնեց, որ իրենք Սայտայի մէջ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներուն եւ անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու պատրաստ անհատներուն գոյութիւնը ապահովական ուժերուն կը վստահին:
Սէուտի շեշտեց, որ Սայտայի մէջ ապահովական յաւելեալ միջոցառումներ որդեգրելու եւ հսկողութիւնը խստացնելու իմաստով իրենք պիտի խորհրդակցին տեղւոյն ապահովական ուժերուն հետ:
Սայտայի Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ հաստատեց, որ Սայտան կը տառապի Թրիփոլիի, Արսալի, Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւանդութենէն` աւելցնելով, որ պէտք է անպայման դիմադրել հաւատադրժողական այս կեցուածքին` կրօնական, ապահովական եւ կրթական զօրաշարժով:

