Ըստ Թուրք Երեսփոխանի Մը. Էրտողանի Կուսակցութիւնը Կը Պատրաստուի Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Օքթայ Վուրալ
Թրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն Տիգրանակերտէն ընտրուած երեսփոխան Օքթայ Վուրալ քննադատած է վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Թուրքիոյ կառավարութիւնը` յայտարարելով, որ Թուրքիա մտադիր է 200 հազար հայեր ընդունիլ եւ անոնց հող տրամադրել:
Ան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը մտադիր է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Երեսփոխանը նաեւ քննադատած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն` Հայաստան կատարած այցելութեան պատճառով:
«Թուրքիոյ շահերը պաշտպանելու փոխարէն` նախարարը դաւաճանած է թուրք ժողովուրդի պատմութեան: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը պատրաստուի ընդունելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կը կարծեմ, որ կուսակցութիւնը մտադիր է 200 հազար հայեր բերել եւ անոնց հող տրամադրել», ըսած է ան:

