Այսօր Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ Բողոքի Ցոյցը Տեղի Պիտի Ունենայ

Արծուիկ Մինասեան
(Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)
Խօսելով կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրման դէմ Սահմանադրական դատարան դիմելու հոլովոյթին մասին` Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ «Երկիր»-ի կայքէջին յայտնեց, որ գործող օրէնքի ծիրին մէջ երէկ Ազգային ժողովի նախագահին յանձնուեցաւ դիմումը, որ 24 ժամուան ընթացքին պէտք է Սահմանադրական դատարան ուղարկուի: Ան նշեց, որ դիմումը ստորագրած են 36 պատգամաւորներ, իսկ Սահմանադրական դատարանին մէջ դիմումը պիտի ներկայացնեն ինք, ինչպէս նաեւ իրաւաբաններ Արտակ Զէյնալեան եւ Մերի Խաչատրեան:
Դիմումը կը պարունակէ 3 հիմնական հարցեր` կուտակային կենսաթոշակային համակարգի շարք մը յօդուածներու` սահմանադրութեան հակասութեան մէջ ըլլալու հանգամանքը, միջնորդութիւն, որպէսզի կասեցուի օրէնքի գործադրումը 1 յունուարէն մինչեւ Սահմանադրական դատարանին կողմէ գործի քննութեան աւարտը եւ բանաւոր ընթացակարգով գործի քննութիւնը, որպէսզի վիճարկող կողմերը լիարժէքօրէն յաջողին ներկայանալ իրենց փաստերով:
Արծուիկ Մինասեան նաեւ նշեց, որ 17 դեկտեմբերին քաղաքացիական նախաձեռնութիւններուն կողմէ պիտի կատարուի բողոքի ցոյց, որուն պիտի մասնակցին դիմումը ներկայացնող պատգամաւորները: Բողոքի ցոյցէն ետք պիտի կատարուի խաղաղ հաւաք-երթ Ազատութեան հրապարակէն դէպի Սահմանադրական դատարան: Պատգամաւորը աւելցուց, որ ամենայն հաւանականութեամբ, բողոքի մասնակիցներուն կողմէ պիտի հրապարակուի յայտարարութիւն մը, որ պիտի փոխանցուի Սահմանադրական դատարանին:

