Ակնարկ. «Հայրենադարձութեան» Հրաւէր Տաւութօղլուի Կողմէ` Սփիւռքահայութեան
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի երեւանեան այցելութեան առիթով եւ անոր ընթացքին շրջանառութեան մէջ դրուեցան տարբեր «տեղեկութիւն»-ներ: Հիմնականին մէջ բոլորին աղբիւրը թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներն էին: Փաստօրէն, շրջանառութիւնը կ՛ընթանար հետեւեալ կերպով. Անգարայի համապատասխան գերատեսչութիւնները կ՛ընտրէին նիւթ, կը տրուէր պատուէր ընտրուած նիւթի արձագանգումին համար. անպաշտօն խօսափողները կու տային լրատուութեան մեկնարկի ազդանշանը, եւ սկիզբը թրքական լրատուադաշտը կը հեղեղուէր թիրախային նշանակէտ ճշդած լրատուութիւններով: Նոյնքան արագ կ՛արձագանգէր հայկական տեղեկատուադաշտը: Մինչ ազրպէյճանականը հասկնալի պատճառներով կա՛մ կը լռէր այդ բոլորին մասին, կա՛մ խնամքով անուշադրութեան կը մատնէր եւ կա՛մ ալ շատ զուսպ ու ժլատ լրատուութիւն կը հրապարակէր:
Փաստօրէն խաղի կանոնները կը թելադրէր Անգարան. եւ հակառակ անոր որ հայկական կողմէն բազմիցս հնչեցին, որ Անգարայի անունէն հրապարակուած տեղեկատուութիւնը քաղաքական խաբկանքի գործողութիւններու շղթայի արտացոլացումն է լրատուական դաշտին մէջ, այսուհանդերձ հետաքրքրաշարժ ըլլալու մղումով կամ զգայացունց տեղեկութիւն թողարկելու փորձութեան չդիմանալով հայկական շատ մը լրատուամիջոցներ, ընդ որում թէ՛ հայաստանեան եւ թէ՛ սփիւռքեան, ներքաշուեցան այս խաղին մէջ:
Քանի մը օրինակ: «Տաւութօղլուի այցելութիւնը Երեւան կապուած է նախագահներ Ալիեւ եւ Սարգսեան Վիեննայի հանդիպումի արդիւնքէն»: Ասիկա մէկ կողմէ Պաքուն հանգստացնելու համար էր, միւս կողմէ նաեւ հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու, որ հայկական կողմը արդէն համաձայնած է իր ուժերը հեռացնել արցախեան երկու տարածքներէ, որուն համար ալ Տաւութօղլու զիջած է այցելելու Երեւան:
Մինչեւ իր որոշելը, Տաւութօղլու արդէն յայտարարած էր, որ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու վերաձեռնարկման նախապատրաստական աշխատանքները կը գտնուին իրենց վերջին փուլին մէջ: Ասոր յաջորդեց դարձեալ թրքական աղբիւրներու կողմէ հրապարակուած խանդավառ լրատուութիւնը այն մասին, որ իբրեւ թէ կ՛ականազերծուի սահմանի թրքական կողմը, այն ալ` եւրոպական ֆինանսաւորումով:
Կը ստացուի այնպէս, որ Թուրքիան կը ստեղծէր խաբկանք, որ իբրեւ թէ հայկական կողմը համաձայն էր հեռացնելու իր ուժերը արցախեան երկու տարածքներէ, որուն դիմաց Տաւութօղլու ոչ միայն համաձայնած է գալ Երեւան, այլ նաեւ ապաշրջափակել Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Կը թուէր, թէ խաբկանքի այս քաղաքականութեան առանցքային խնդիրներու հանգոյցը կը վերաբերէր արցախեան հիմնահարցին: Թուրք լրագրողներուն հետ Երեւանի մէջ կայացած փակ հանդիպումէն սպրդած լուրը շեղեց նիւթի ուշադրութեան կեդրոնը: Եւ ահա «Հիւրրիյէթ» թերթը հրապարակեց Երեւանի մէջ սպասուած զգայացունց յայտարարութիւնը: Տաւութօղլու հայերու 1915-ի տեղահանութիւնը որակած է անմարդկային` խուսափելով անշուշտ թրքական կառավարութեան պատասխանատուութենէն: «Թուրքիան չէ աջակցած այդ քայլին» ըսելով Տաւութօղլու մշուշի մէջ ձգած է, թէ ի վերջոյ ո՞վ անմարդկայնօրէն տեղահանած է հայերը:
Անգարա-թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներ համակարգուած այս տեղեկատուութենէն դուրս, դիտարժան է Տաւութօղլուի հանդիպումը հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեանի հետ: Հարցազրոյցի ճամբով հանրային խորհուրդի նախագահը կ՛անդրադառնայ Տաւութօղլուի հետ կայացած խօսակցութեան: Խօսակցութեան ընթացքին Տաւութօղլու նշած է, որ իրենք յատուկ քաղաքականութիւն պիտի վարեն սփիւռքահայերու հետ` առաջարկելով, որ վերադառնան իրենց հայրենիքը, ուրկէ գաղթած են իրենց պապերը:
Այս հաստատումին կարելի է յղում ընելով որոշ դիտարկում կատարել, որովհետեւ անիկա վերարտադրուած է հարցազրոյցի կարգով հանրային խորհուրդի նախագահին կողմէ: Այս հաստատումը կը կապուի «Հիւրրիյէթ»-ի հրապարակումի բովանդակութեան: Կը ստացուի այն միտքը, որ օրին հայերը անմարդկային ձեւով տեղահանուած են Թուրքիայէն, որուն համար պատասխանատուութիւն չունի այսօրուան կառավարութիւնը, որ իր արտաքին հարցերու գերատեսչութեան ղեկավարին ճամբով կը նախաձեռնէ «մարդասիրական» եւ «խաղաղասիրական» գործողութեան` տեղահանուած հայերու ժառանգորդներուն խոստանալով վերադարձնելու իրենց տուները:
Հայերու այս «հայրենադարձութիւն»-ը իրականացնելու համար Տաւութօղլու ըսած է, որ Անգարան պիտի վարէ յատուկ քաղաքականութիւն սփիւռքի հետ: Մէկ կողմ ձգելով թրքական լրատուամիջոցներու բարձրացուցած աղմկարարութիւնը` ամփոփենք Տաւութօղլուի հայաստանեան եւ սփիւռքեան ուղղութիւններով վարած քաղաքականութեան փոխանցած ուղերձը: Հայկական ուժերը կը հեռանան արցախեան երկու շրջանէ, որուն դիմաց Անգարան կը բանայ սահմանը. իսկ սփիւռքեան որոշ շրջանակներ կը համաձայնին սկսելու երկխօսութեան` վերատիրանալու համար իրենց կալուածներուն, տուներուն եւ ինչքերուն: Այլոց կատարած անմարդկային տեղահանութեան դիմաց այս մէկը Անգարայի ստանձնած փոխհատուցման քաղաքական «ժեսթ»-ն է: Կը թուի, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի ուղղութիւններով երկկողմանի բանակցութիւններու աշխուժացման ազդանշանը կը տրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին…:
«Ա.»

