Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

horoscope1-saidaonlineԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ուշադիր եղէք աննշան կարծուած երեւոյթներէ կամ անպատեհութենէ, որոնք կը ստեղծուին հարցերու մանրամասնութիւններէն: Հսկեցէք ձեր վարուելակերպին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանեկան ժողով մը կամ հանդիպում մը պիտի ունենաք, որմէ որքան ալ ուզէք խուսափիլ, պիտի ստիպու՛իք ներկայ ըլլալ` կատարելու համար ձեր պարտաւորութիւնները:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դրամի պակաս ունիք տօներու նախօրեակին, կը մտահոգուիք: Հեռու մնացէք անկարեւոր ծախսերէ, կեդրոնացէք կարեւոր հարցերու վրայ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նախաձեռնութիւններ ունիք, այո՛, բայց հարկ է, որ ձեր ոտքերը մնան ամուր հողին: Ինքնավստահութեամբ ըրէք, այն ինչ որ կ՛ուզէք ընել:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր դիմադրականութիւնը պահելու համար պիտի ունենաք ֆիզիքական սպառումի: Հաւասարակշռեցէք այս երկուքը լաւ արդիւնք ունենալու համար:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ունիք բարեկամներ, որոնք ազնիւ են եւ սիրալիր, բայց նոյն ատեն` հպարտ եւ պարծենկոտ: Ըստ այնմ վարուեցէք անոնց հետ, որպէսզի լաւ զգաք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր գործին մէջ փոփոխութիւն կամ շարժում ըլլայ, պէտք է, որ յաւելեալ ջանք թափէք` նորութիւն ստեղծելու համար: Ուրեմն գործի անցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կը սիրէք ընթերցանութիւնը, լաւ կ՛ընէք, եթէ ձեր ընթերցասիրութեան մասնակից դարձնէք ձեր շուրջինները` անոնց նուիրելով ձեր սիրած գիրքերէն:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ուսերուն նոր ծանրութիւն մի՛ աւելցնէք: Խուսափեցէք նոր պարտաւորութիւններէ, հեռու կեցէք անպատեհ առիթներէ: Խոհեմ եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հարց մը լուծելու համար մի՛ վիճիք, ջանացէք բարի տրամադրութեամբ կարգադրել հարցը: Եթէ այդպէս չընէք, կը զղջաք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը կրնայ թեթեւ խանգարում մը ունենալ, եթէ ուշադիր չըլլաք ձեր հագուածքին կամ նախօրօք պատրաստուած չըլլաք հանդիպումի մը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դուրս ելէք տունէն, եթէ նոյնիսկ ստիպուած ըլլաք տունը մնալու: Երբեմն հարկ է տունը մնալ: Արկածախնդիր եղէք:

Share this Article
CATEGORIES