50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1963)

Հայկազեան Քոլեճի Հայ Գիրքի
Եւ Մամուլի Ցուցահանդէսը

Հայկազեան քոլեճի հայագիտական բաժնի եւ հայկական ակումբի կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 1963, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան քոլեճի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ գիրքի եւ մամուլի ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը:

Քոլեճի նախագահ տոքթ. Մարգարեան, բարի գալուստի խօսք ուղղելէ ետք ներկաներուն, բացման խօսքը ըրաւ հայագիտական բաժնի վարիչ վեր. Տ. Խրլոփեան:

Քոլեճի ուսանողներէն Ժիրայր Դանիէլեան խօսեցաւ չափածոյ գրականութեան մասին, իսկ Սերոբ Փապուճեան` արձակ գրականութեան մասին:

Հայագիտական բաժինի զուտ ուսանողական այս ձեռնարկը, որ հայ գրականութիւնը ուսումնասիրելու նպատակին կը ծառայէ, իբրեւ աշխատանք ու նախաձեռնութիւն, գնահատանքի արժանի ըլլալով հանդերձ կը մնայ թերի:

Պարսումեան գրադարանին մէջ ցուցադրութեան դրուած գիրքերն ու թերթերը ամբողջական պատկերը չէին ներկայացներ 1918-էն ի վեր Պէյրութի մէջ լոյս ընծայուած հրատարակութիւններուն:

Վեր. Տ. Խրլոփեան, որ նախաձեռնողն է այս աշխատանքին, ինքն իսկ կը հաստատէ թերին:

«1918-էն ի վեր,- կը յայտնէ վերապատուելին,- հազար անունէ աւելի գիրքեր հրատարակուած են Պէյրութի մէջ, որոնք կը բաժնուին երեք մասերու.

Ա.- Պոլսոյ եւ այլ շրջաններու մէջ ժամանակին լոյս տեսած հին գիրքերու վերահրատարակութիւն:

Բ.- Հայաստանի մէջ լոյս տեսած գիրքերու վերահրատարակութիւն:

Գ.- Նոր հեղինակութիւններու լոյս ընծայում:

Հրատարակուած է նաեւ մօտ 120 անուն թերթ:

«Պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը եւ պիտի հրատարակենք ամբողջական ցանկը բոլոր հրատարակութիւններուն: Պիտի կատարենք նաեւ ուսումնասիրութիւններ ուսանողներու հետ միասին: Մինչեւ անգամ պիտի ընդարձակենք մեր աշխատանքը` աւեցնելով նաեւ Հալէպի հրատարակութիւններուն ցանկը»:

Կանոնաւոր դասաւորումով ցուցադրութեան դրուած էին օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր, ամսագրեր եւ պարբերագիրքեր:

Մաս մը հրատարակչական տուներու լոյս ընծայած գիրքերէն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հեղինակներու հրատարակած արձակ կամ ոտանաւոր ստեղծագործութիւնները:

 

Քաղցկեղի Դէմ

Պայքարի Միջազգային Մարմին

————————————–

 Քաղցկեղը Տարին Կը Սպաննէ 2 Միլիոն Անձ

Փարիզի մէջ այսօր բացուեցաւ թեքնիք խորհրդաժողով մը, որուն նպատակն է ստեղծել միջազգային մարմին մը` քաղցկեղի դէմ պայքարելու տամար:

Բացման նիստին Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Ռեմոն Մարսըլէ յայտարարեց.

«Քաղցկեղը, որ դարուս ամէնէն ահաւոր հիւանդութիւնն է, համայն աշխարհի մէջ տարին առնուազն կը սպաննէ 2 միլիոն հոգի եւ կը հարուածէ 5 միլիոն ուրիշներ:

«Այս թիւերը, որքան ալ տպաւորիչ ըլլան, պէտք չէ ծածկեն դարմանումի յառաջդիմութիւնները: Վիլլըժիւիֆի հակաքաղցկեղային կաճառի տնօրէն փրոֆ. Տընուա վերջերս կը յայտարարէր. «Երէկ քաղցկեղաւոր մը կը բուժուէր չորսի վրայ, այսօր` երեքի, վաղը գուցէ երկուքի վրայ մէկը պիտի բուժուի»:

«Բայց կը մնայ գտնել այս չարիքին բնոյթը, մեքենականութիւնը եւ զարգացման պատճառները, ըսաւ Մարսըլէ: Այս պայքարին մէջ, մեր պարտականութիւնն է բոլոր յաղթաթուղթերը մեր կողմը ունենալ:

«6 Նոյեմբերին ֆրանսացի 13 անձնաւորութիւններ զօրավար Տը Կոլի առաջարկեցին ստեղծումը միջազգային մարմինի մը` քաղցկեղի դէմ պայքարելու համար: Ասկէ` այսօրուան ժողովը: Այդ 13 անձնաւորութիւնները առաջարկեցին զինուորական պիւտճէներէն կրճատել` քաղցկեղի դէմ պայքարին յատկացնելու համար այդ գումարները: Այս գաղափարը շատ ժողովրդական է, որովհետեւ ողջմիտ գաղափար մըն է, եզրակացուց Մարսըլէն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES