«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Վեհափառին Փառահեղ Յուղարկաւորութիւնն Ու Թաղումը Բ.

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Zareh-I_HoughargavoroutiounԶարեհ Ա.ի օծման ու յուղարկաւորութեան վեհաշուք հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 23 փետրուար, կէսօրէ առաջ ժամը 8:30-էն սկսեալ, Ս. Նշան Մայր եկեղեցիին մէջ:

Առտուան ժամը 8:00-էն, հաւատացեալներու հեղեղ մը կը խուժէր դէպի եկեղեցի, լեցնելով ոչ միայն տաճարն ու շրջափակը, առաջնորդարանի պատնէշներն ու տանիքները, այլ նաեւ Ս. Նշան տանող բոլոր փողոցները, մօտակայ թաղերու պատշգամներն ու տանիքները, հակառակ անձրեւոտ օդին, որ ժամ մը ետք հրաշքի մը պէս կը բացուէր, հնարաւորութիւն տալու համար հայ ժողովուրդին յարգանքի եւ սիրոյ որդիական իր վերջին տուրքը մատուցանելու իր պաշտելի վեհափառին:

Եկեղեցական Արարողութիւնները

Եկեղեցական արարողութիւնները սկսան ժամը 8:30-ին: Յունահայոց առաջնորդ Սահակ եպս. Այվազեան եպիսկոպոսական շքեղ հանդերձանքով եւ  թափօրով մուտք գործեց եկեղեցիի ձախակողմեան դոնէն եւ սկսաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագը Եկմալեան քառաձայն երգեցողութեամբ:

Ժամը 8:45-ին եկեղեցի մտան Երուսաղէմի Ամեն. Պատրիարք Տ. Եղիշէ արք. Տէրտէրեան, Խորէն արք. Բարոյեան, Երուսաղէմի լուսարարապետ գերշ. Տ. Հայրիկ արք., Ղեւոնդ արք. Չէպէյեան, Սուրէն արք. Քէմհաճեան, Տաճատ արք. Ուրֆալեան, Արտակ արք. Մանուկեան, Հրանդ եպս. Խաչատուրեան եւ Իրանահնդկաստանի, Ատրպատականի ու Կիպրոսի թեմակալ առաջնորդները եւ Կիլիկեան միաբանութեան հոգեշնորհ հայրերը:

Բոլոր հոգեւորականները յարգանքով խոնարհեցան երբ կ՛անցնէին Վեհափառի անշունչ մարմնին առջեւէն:

Եկեղեցւոյ առաջամասը լեցուած էր պետական բարձրաստիճան դէմքերով, ազգային իշխանութիւններու անդամներով, երեւելի անձնաւորութիւններով, ինչպէս նաեւ Իրանէն, Սուրիայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն եւ Քուէյթէն եկած պատուիրակութիւններով: Բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու մէջ աչքի կը զարնէին հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժըմայէլ, երեսփոխաններ Պէշիր Աուատ, Մորիս Ժըմայէլ, Ճեմիլ Լահուտ, Ժոզէֆ Չատր, Ժոզէֆ Հըրաուի, Միշէլ Սքաֆ եւ չորս հայ երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ քոյր յարանուանութեանց եւ քրիստոնեայ այլ համայնքներու հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչները:

«Ողջոյն»-էն առաջ Ամեն. պատրիարք հօր նախագահութեամբ, սրբազան հայրեր, թեմակալ առաջնորդներ եւ Հայր սուրբեր, շուրջառազգեստ` խորան բարձրացան եւ սկսաւ օծման տպաւորիչ արարողութիւնը:

Ամեն. Պատրիարք հայրը աղօթքի առաջին ընթերցումին երբ յիշեց հանգուցեալ Վեհին` Զարեհ Ա. կաթողիկոսի անունը, օծման արարողութիւնը աւելի եւս սրտայոյզ եւ խոր ապրումի խորհրդաւորութիւն մը ստացաւ:

Այնուհետեւ Վեհի դագաղին շուրջ բոլորուած հոգեշնորհ հայրերը, դագաղը ձեռամբարձ տարին խորանի Ս. սեղանին առաջ:

Պատրիարք հայրը եւ Խորէն սրբազան կատարեցին օծումը երանաշնորհ հայրապետին: Ճակատը օծեց պատրիարքը, իսկ Աջը` Խորէն սրբազան: Այս տեսարանը հաւատացեալներէն սրտաբուխ եւ անզուսպ արցունքներ խլեց:

Ողջոյնի շարականին երգեցողութիւնը կատարեց Տ. Սուրէն արք. Քէհմաճեան: Սաղմոսի ընթերցումը կատարեցին Արսէն վրդ. Աւետիքեան եւ Երուանդ վրդ. Աբէլեան: Ողջոյնի շարականին շարունակութիւնը երգեց Հրանդ եպս. Խաչատուրեան: Ողջոյնի շարականին երգեցողութիւնը ամբողջացուց Ղեւոնդ արք. Չէպէյեան:

Պատրիարք Հօր Դամբանականը

Ապա, Ամենապատիւ Տ. Եղիշէ արք. Տէրտէրեան շատ յուզիչ ու տպաւորիչ դամբանական մը խօսեցաւ:

«Առոյգ էի եւ գեղեցիկ եւ արարեր զիս այր ցաւոց»:

Որքա՜ն կը պատշաճին այս խօսքերը Անոր, իր տակաւին արեւ հանգրուանին վրայ:

Ոչ եւս է Զարեհ կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:

Սգաւոր է Կիլիկիոյ Աթոռը, սգաւոր է Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին, տխուր ենք ազգովին եւ անմխիթար:

Զարեհ կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ իր ժողովուրդին թանկագին արժանիք մըն էր, որ այսպէս վաղահասօրէն կը բաժնուի մեզմէ:

Օրերէ ի վեր իր դագաղին շուրջ այսքան բազմութիւն, այսքան լաց ու կոծ, պերճախօս փաստեր են իր արժանիքին:

Ճնշուած սրտով եւ խորտակուած հոգիով կը յիշեմ, իբրեւ անդրանիկ պտուղը Կիլիկիոյ Աթոռին, իր պարթեւահասակ կերպարանքով:

Բերիոյ թեմի իր առաջնորդութեան տարիներուն, հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, կրցաւ արտաքին եւ ներքին ճակատին վրայ ըլլալ առաջնորդ, իբրեւ ճշմարիտ հայ եկեղեցական: Կրցաւ տալ կայսերն կայսեր եւ Աստուծոյն Այստուծոյ:

Իր կաթողիկոսութեան եօթը տարիները եղան եօթը վէրքեր, եօթը տարիներու խաչ ճամբայ ու ինկաւ այս ժողովուրդին համար:

Զարեհ կաթողիկոս խոցուեցաւ իր անձնական ու բարի սիրտէն: Իր բարութիւնը անսահման էր: Սրտի տէր մարդ էր: Սէրը տեսակ մը կեանք էր իրեն համար:

Բարեկամներ շահիլ գիտէր եւ գիտէր բարեկամ ըլլալ ուրիշներուն:

Հանգուցեալին ամենամեծ արժանիքն էր ասիկա: Ունեցաւ իրապէս բարեկամներ, որոնք երկար պիտի սգան իր կորուստը: Եւ հիմա, որ իր դագաղին առջեւ կեցած եմ, չեմ կրնար հաւատալ որ Զարեհ կաթողիկոս յաւէտ պիտի բաժնուի մեզմէ:

Ա՜խ, ի՜նչ տխուր է տեսնել երազին ծիրը խորտակուած, տեսնել մշակը` ինկած իր կիսահերկ դաշտին վրայ:

Օրհնէ՛ զմեզ հայրապետ բարի եւ անբիծ»:

Դամբանականէն ետք պատրիարք հայրը, Խորէն սրբազան եւ յաջորդաբար միւս սրբազանները, հոգեշնորհ հայրերը եւ քահանաներ արցունքը իրենց աչքերուն հանգուցեալ վեհին Աջն ու ճակատը համբուրեցին կարգով: Երկիւղած խոնարհութեամբ եւ ծնրադիր: Մինչ Եկմալեան քառաձայն երգեցողութիւնը կը շարունակուէր քաղցրօրէն:

«Շնորհք, Սէր եւ Աստուածային…» Սահակ սրբազանի յուզիչ ձայնին հետ, դագաղը կրկին վարդապետներու կողմէ փոխադրուեցաւ նախկին տեղը: Ս. պատարագը նոյն հանդիսաւորութեամբ շարունակուեցաւ մինչեւ «Հայր Մեր», որմէ ետք, Խորէն սրբազանը արտասանեց հոգեշունչ եւ բովանդակալից դամբանական մը. ան ըսաւ.

«Սգաւոր եւ վշտահար ժողովուրդ հայոց,

Ողբի ու կոծի այս տրտմաթախիծ բառերը, Երեմիա Մարգարէի գրիչէն փրթած, անհուն ցնցումով կ՛արձագանգեն այսօր մեր հոգիներուն մէջ: Յուզումնահար ու վիշտէն խորտակուած մեր սիրտերը անզօր են այլեւս տոկալու այն ճնշող ու ճմլող զգացումին, որ խռովայոյզ ալիքի նման կը հարուածէ ողջ էութիւնը մեր հայ ժողովուրդին ի սփիւռս աշխարհի:

Մեր սրտերուն մէջ կսկիծ, մեր հոգիներուն մէջ խռովք ու մեր աչքերուն մէջ արցունք կայ այսօր քանի որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մեր յոյժ սիրեցեալ Հայրապետը` Տ. Տ. Զարեհ Ա. կաթողիկոս, մեր գլխուն թագն ու պսակը, ինկաւ մեր գլուխէն, վայ մեզ, վայ մեզ:

Մեր անզուգական հայրապետը` Զարեհ Ա. կաթողիկոս տիրական ու փառաւոր տեղ է գրաւած հայ ժողովուրդի սիրտին մէջ: Ահա թէ ինչու այնքան ծանրօրէն ճմլուեցաւ այդ սիրտը: Ահա թէ ինչու արցունքի անսպառ աղբիւրի վերածուեցան մեր ժողովուրդի աչքերը: Ահա թէ ինչու ծովածաւալ բազմութիւններ օրերով անցան իր դագաղին առջեւէն խոնարհած գլուխով, կոտրուած սիրտերով եւ սուգի սեւ հանդերձներով:

Մաքուր ու անբիծ սիրտ մը ունէր ան, լեցուն սիրով: Ոչինչ ճանցչաւ իր սիրտը բայց միայն սէր եւ բարութիւն: Արդարեւ, ըստ սրբազան շարականագրին «Հայրապետ սուրբ եւ անբիծ» էր անիկա: Բայց չհասկցան զինք շատեր: Ուրիշներ սխալ ըմբռնեցին զինք: Անարգեցին զինք, նախատեցին եւ հալածեցին: Բոլորին պատասխանեց իր սրտին միակ զգացումով` սիրով: Բայց մարդ էր վերջին հաշուով: Տառապեցաւ ու օր մըն ալ ահա յանկարծ այդ մեծ սիրտը պայթեցաւ:

Այժմ երանութեան մէջ հանգչող մեր պաշտելի Վեհափառը իր ամբողջ կեանքով ինքզինք յայտնեց որպէս ազնիւ եւ վեհ հոգի մը: Իր հոգին անհաղորդ էր չարին: Անհուն բարութեամբ էր օծուած իր հոգին: Եւ իր այս բարութիւնը, ներողամտութիւնը եւ անյիշաչարութիւնը յաճախ անհասկնալի եւ նոյնիսկ ընդվզեցուցիչ կը թուէին շատերուն` չարութեամբ լեցուն այս աշխարհին մէջ:

Այս բոլորէն վեր երանաշնորհ վեհափառը եղաւ Քրիստոնեայ ճշմարիտ Մարդը: Աստուծոյ ուժը իր մէջ զգաց աղօթքով: Աւետարանի ճշմարտութիւնները իրեն համար եղան բացարձակ համոզում: Համոզումէն անդին` իր կեանքն ամբողջ ապրեցաւ քրիստոնէական սուրբ կրօնի սկզբունքներու հետեւողութեամբ: Աստուծոյ խօսքը, Ս. Աւետարանը գերագոյն հրամայականն էր իրեն համար:

Լոյս, խաղաղութիւն ու փառք Քեզի Սիրելի՛ Վեհափառ,

Ուժ, կորով եւ պարտք մեզի ժողովուրդ Հայոց»:

Թափօրի Կազմութիւնը

Յաւարտ Ս. Պատարագի դագաղը պետական հայ երեսփոխաններու եւ Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ ուսամբարձ տարուեցաւ եկեղեցիէն դուրս, ուր հաւաքուած էր ծովածաւալ բազմութիւն մը, արցունքը աչքերուն, սրտակեղեք յուզումի մէջ:

Անթերի կարգապահութեամբ կազմուեցաւ յուղարկաւորութեան հսկայ թափօրը: Առջեւէն կ՛երթար Մեծ Խաչը կրող աբեղայ մը, որուն կը հետեւէր կաթողիկոսական Ասան կրող աբեղան: Երկու աբեղաներ սեւ բարձի մը վրայ շարուած Վեհին շքանշանները կը տանէին: Զինուորական նուագախումբը կը հետեւէր մահերգներ հնչեցնելով: Զինուորական պահակագունդը զէնքերը յարգանքով խոնարհած կ՛առաջնորդէր Ս. Նշանի երկսեռ դպրաց դասը, որուն կը հետեւէին դպրեվանքի սաները: Այնուհետեւ կու գար ձիաքարշ մեռելակառքը, որուն անմիջապէս ետեւէն երիտասարդներու խումբեր ուսամբարձ կը տանէին բաց դագաղը, որուն մէջ կը հանգչէր Վեհափառը կաթողիկոսական ոսկեճամուկ հանդերձանքով: Դագաղին երկու կողմերէն կը յառաջնային վարդապետներ, աբեղաներ եւ սարկաւագներ: Բարձրաստիճան եկեղեցականութիւնը` առանձին խումբով, եւ քաղաքական ու ազգային դէմքերը կը հետեւէին դագաղին:

Թափօրին առաջամասէն սկսեալ մինչեւ յուղարկաւորներու բազմութիւնը ճամբուն երկու կողմերը շղթայ կազմած կը քալէին հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներով եւ ուսուցչուհիներով, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու արենուշները, Օգնութեան Խաչի արծուիկները եւ քահանայ հայրեր: Սկաուտներու ամբողջական շարք մը թափօրի  այս մասը, մօտ 100 մեթրի վրայ կը զատէր յուղարկաւորներու յոգնախուռն բազմութենէն: Աննախընթաց թափօր մըն էր, մարդկային հեղեղ մը, որ կը հոսէր ու կը բազմանար անընդհատ: Թափօրին առաջամասը հասած էր արդէն Պուրճ, երբ տակաւին ժողովուրդը հազիւ կը սկսէր շարժիլ Ս. Նշանի առջեւէն:

Թափօրի անցքին, ճամբուն երկու կողմերը փակ էին բոլոր խանութները, Մար Մըխայելէն սկսեալ, արմաւենիի ճիւղեր եւ սեւ դրօշակներ ամբողջ ճամբուն երկայնքին կախուած էր պատշգամներէն: Վեհին նկարները, սեւ ժապաւէններով երիզուած կը տեսնուէին մինչեւ Տորա, գրեթէ բոլոր շէնքերէն: Իսկ տանիքներն ու պատշգամները սեւցած էին մարդկային բազմութեամբ: Ճամբու ամբողջ երկայնքին, հայկական եւ քոյր համայնքներու բոլոր եկեղեցիներու զանգերը կը ղօղանջէին:

Տեղատարափ անձրեւը, որ սկսաւ Պուրճ Համուտէն անդին, արգելք մը չեղաւ որ թափօրը կորսնցնէ իր շքեղութիւնը: Պուրճ Համուտի հայութիւնը պատշգամներէն ու տանիքներէն անձրեւին հետ, կը տեղացնէր նաեւ ծաղիկներու անձրեւ մը: Վեհին բաց դագաղին անցուեցաւ անձրեւարգել շղարշ մը, ու այսպէս թափօրը հասաւ Տորա, ուրկէ անդին ինքնաշարժներով տեղի ունեցաւ փոխադրութիւնը:

***

Կիրակի, 24 փետրուար, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցան Զարեհ Ա.ի թաղման յուզիչ արարողութիւնները:

Առաւօտեան առաջին ժամերէն սկսեալ, ժողովուրդը, ստուար շարքերով, կը խուժէր կաթողիկոսարան` յարգանքի եւ սիրոյ վերջին տուրքը մատուցանելու համար իր սիրելի հովուապետին: Մասնաւոր յանձնախումբ մը եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները կը հսկէին կարգապահութեան, որ անթերի էր:

Ժամը 9:00-ին սկսաւ Ս. անմահ պատարագը, զոր մատոյց ամերիկահայ թեմի առաջնորդ Հրանդ եպիսկ. Խաչատուրեան: Ս. պատարագը երգուեցաւ Եկմալեան եղանակով, Կոմիտաս երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:

Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեանց ներկայ գտնուեցան վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապը, խորհրդարանի փոխ նախագահ Մունիր Ապու Ֆատել, նախարարներ, դեսպաններ եւ պետական երեսփոխաններ:

«Հայր մեր»-էն առաջ, դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան ֆրանսերէն լեզուով կարդաց տպաւորիչ դամբանական մը:

Դամբանական քարոզէն ետք, եկեղեցական դասը, վեհին դագաղին շուրջ բոլորուած, կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն, նախագահութեամբ ամենապատիւ պատրիարք հօր:

Այնուհետեւ, պաշտօնական հիւրերը մեկնելէ առաջ վեհարան բարձրացան, անգամ մը եւս իրենց ցաւակցութիւնները յայտնելու Խորէն սրբ. արքեպիսկոպոսին եւ Կիլիկիոյ միաբանութեան:

Վեհին Թաղումը

Ս. պատագէն ետք, դագաղը վարդապետներու կողմէ ուսամբարձ եւ ժողովուրդի յորդահոս արցունքներուն մէջ առաջնորդուեցաւ դէպի իր վերջին հանգստարանը, ուր տեղի ունեցաւ թաղմանական տխուր արարողութիւնները:

Աննկարագրելի յուզումի մէջ, երջանկայիշատակ Տ.Տ. Զարեհ Ա. կաթողիկոսի դագաղը իջաւ իր դամբարանին մէջ եւ գերեզմանին կնքումը կատարեց բարձր. Տ. Խորէն սրբազան:

Խոր յուզումով, հրաժեշտի վերջին դամբանականը խօսեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Ղեւոնդ արք. Չէպէյեան:

Ընդհանուր յուզումի այս պահուն, սրտաբուխ  պոռթկումով, միաբանութիւն եւ ժողովուրդ, արցունքով երգեցին վեհին այնքան սիրած «Կիլիկիա» երգը:

Դժուար եղաւ ժողովուրդին` բաժնուիլ իր պաշտելի վեհափառին թարմ հողակոյտէն:

Այնուհետեւ, բազմահազար հաւատացեալները վերջին ծայր կարգապահութեամբ, վեհարան բարձրացան եւ աջը առին բարձր. Տ. Խորէն Ս. արքեպիսկոպոսին, յայտնելով իրենց ցաւակցութիւնները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES