Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՃԵԱՆ
Սկսած Է «Web Ծիրան» Համահայկական
3-րդ Առցանց Շարժանկարի Փառատօնը
«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը եւ Webtv.am մշակութային համացանցային պատկերասփիւռի կայանը, «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր հովանաւորութեամբ, յայտարարած են «Web Ծիրան» համահայկական 3-րդ առցանց շարժանկարի փառատօնին սկիզբը:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, որ շարժանկարի փառատօնին կրնան ներկայացուիլ, առանց տեսակի սահմանափակումներու, խաղարկային, վաւերագրական, կենդանի գծապատկերը եւ այլ տեսակներու, մինչեւ 30 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէններ:
Մրցոյթին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է մինչեւ 25 յունուար 2014-ը Տի.Վի.Տի. կրիչով ժապաւէնները ներկայացնեն «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնի գրասենեակ: Ի դէպ, ժապաւէնները ներկայացնող հեղինակները անոնցմով կը հաւաստեն, որ անոնց ցուցադրման հեղինակային իրաւունքներու հարցերուն համար «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը եւ webtv.am հայկական մշակութային համացանցային պատկերասփիւռի կայանը պատասխանատու չեն: Նշենք, որ փառատօնը պիտի աւարտի 23 փետրուար 2014-ին:
«Web Ծիրան» համահայկական 3-րդ առցանց շարժանկարի փառատօնին ներկայացուած ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին բացառաբար webtv.am հայկական մշակութային համացանցային պատկերասփիւռի կայանէն: Անոնց արդիւնքները պիտի ամփոփուին եւ 2014-ի փետրուար 25-էն մարտ 5 ինկած ժամանակահատուածին մէջ` յատուկ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ, պիտի յայտարարուի դատական կազմը:
Փառատօնը սահմանած է գլխաւոր 1 եւ խրախուսական 2 մրցանակ: Ըստ անոր, գլխաւոր մրցանակակիրը պիտի պարգեւատրուի հազար տոլարի համարժէք հայկական դրամով եւ յատուկ վկայականով, իսկ խրախուսական մրցանակակիրները` յատուկ վկայականով: Յիշատակուած երեք մրցանակակիրներուն պիտի տրուի նաեւ մասնագէտ նկարահանող արհեստագիտութենէն 10 օր անվճար օգտուելու կարելիութիւն:
Ամէնէն աւելի դիտումներ արձանագրած ժապաւէնը պիտի արժանանայ «Համակրանք» խրախուսական մրցանակին եւ յատուկ վկայագրին: Իսկ ամէնէն աւելի հաւանումներու արժանացած ժապաւէնը կ՛արժանանայ յատուկ մրցանակի:
«Web Ծիրան» համահայկական 3-րդ շարժանկարի փառատօնը այս տարի պիտի ներկայացնէ նաեւ «Web Ծիրան. ՄՈՒԼՏԻՄԵԴԻԱ» ծրագիրը, որուն կրնան մասնակցիլ միայն բջիջային հեռախօսներով, պլանշեթներով, սմարթֆոններով նկարահանուած կարճ ժապաւէնները: Անոնք պիտի ցուցադրուին ինչպէս շարժանկարի փառատօնի, այնպէս ալ webtv.am հայկական մշակութային համացանցային պատկերասփիւռի կայանի ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջերուն վրայ:
Այս արհեստագիտական միջոցներով նկարահանուած ժապաւէնները կամ անոնց յղումները կրնան ուղարկել [email protected] ելեկտրոնային հասցէին` նշելով ժապաւէնին անուանումը, հեղինակին մասին համառօտ տուեալներ, գործող բջիջային հեռաձայնին թիւը եւ գրաւոր հաւաստում, որ ժապաւէնը ուղարկուած է հեղինակին կողմէ, որուն համար պատասխանատու է ժապաւէնին հեղինակը:
Ի Յիշատակ Արցախեան
Երեք Նահատակներու
Շուշիի յատուկ գումարտակի մարտիկներ Վարդան Բախշեանը, Գագիկ Գրիգորեանը եւ Վաչէ Ռոստոմեանը 22 տարի առաջ` 16 դեկտեմբեր 1991¬ին, Հաւանաբար գիւղին մէջ մղուած անհաւասար ուժերով պայքարի ընթացքին շրջափակման մէջ ինկան ու նահատակուեցան:
16 դեկտեմբերին Եռաբլուր պանթէոնի մէջ անոնց յիշատակը ոգեկոչեցին մարտական ընկերներ, հարազատներ:
Նկատի ունենալով, որ Վարդան Բաշխեան նաեւ եղած էր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ՀՄԸՄ-ԱՍԿ-ի անդամները ծաղկեպսակ զետեղեցին անոր շիրիմին վրայ:
Շահան Գանտահարեանին Հանդիպումը
Ուսանողներուն Հետ
Հայ-ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանին լրագրութեան ամպիոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին հետ: Բանախօսը հանգամանալից կերպով ներկայացուց «Ազդակ»-ի գործունէութեան տարբեր հանգրուանները` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ներկայի աշխատանքներուն: Ապա ուսանողները իրենց հարցումները ուղղեցին Շ. Գանտահարեանին, յատկապէս` Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ, յատուկ կերպով շեշտը դնելով սուրիահայ գաղութին վիճակին եւ դժուարութիւններուն վրայ: Շահան Գանտահարեան համակողմանի կերպով ներկայացուց խնդիրը` ամբողջական պատկերացում տալով տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին: Հանդիպման աւարտին ելոյթ ունեցաւ նաեւ հեղինակ-կատարող Արմինէ Հայրապետեանը, որ իր կատարումներով ամբողջացուց ցերեկոյթը` նախապէս իր գոհունակութիւնը յայտնելով Շ. Գանտահարեանին հետաքրքրական եւ ուսանելի զեկոյցին համար: Համալսարանին ուսանողները խոստացան իրենց հետագայ գիտական ուսումնասիորւթիւններուն մէջ ուշադրութեան առարկայ դարձնել «Ազդակ» օրաթերթը եւ հայրենիքէն տեղեկութիւններ ուղարկել թերթին: Նշենք, որ ուսանողներ իրենց աւարտաճառի նիւթ ընտրած են «Ազդակ»-ի հետ կապուած ուսումնասիրելի թեմաներ։
Լաւագոյն Գինիներու Աճուրդէն Գոյացած
61 Միլիոն Դրամը Պիտի Յատկացուի
Հիւանդ Մանուկներու Բուժման
Դեկտեմբեր 6-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Խաղողը կեանք է» բարեսիրական աճուրդը, որուն կը մասնակցէին գինիի արտադրութեամբ եւ ներածմամբ զբաղող ընկերութիւններ` տեղական, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան` իտալական, սպանական, չիլիական: Աճուրդին ընթացքին ներկայացուած էին ընտրանի բացառիկ խմիչքներ, որոնց մէկ մասը յատուկ բերուած էր Հայաստան` աճուրդին ներկայացուելու համար: Մասնաւորապէս ներկայացուած էին «Արարատ Նոյեան Տապան» քոնեակ` 70 տարեկան, Pian dell Vigne, Tignanello, 1877թ. սպիտակ թնդեցուած գինի Մատեռա, Cristal Rose Vintage 2005 եւ այլ իւրայատուկ խմիչքներ:
Այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան աշխարհահռչակ Անթինորի գինեգործական ընտանիքի ներկայացուցիչ, փորձագէտ Կուիտօ Վանուքքին, ինչպէս նաեւ արհեստավարժ «Սոմելիէ Ռիտլ» գինիի նշանաւոր ընկերութիւնը, Ալեքսանտր Զորինը եւ խմիչքներու արտադրութեան ոլորտին մէջ նշանաւոր այլ մասնագէտներ:
«Մեզի համար մեծ պատիւ է հոս գտնուիլ` օգնելու համար հիւանդ փոքրիկներուն», ըսած է Կուիտօ Վանուքքին: Հայկական գինիին մասին խօսելով` ան դիտել տուած է, որ քանի մը տարի առաջ այցելած է Հայաստան, սակայն այսօր արդէն բաւական մեծ յառաջդիմութիւն նկատելի է: Սակայն, ըստ անոր, իտալական, ֆրանսական գինիի շուկաները շատ բարդ են հայկական գինիի մուտքին համար, որովհետեւ այդ երկիրներուն մէջ նախապատուութիւնը կու տան տեղական գինիներու արտադրութեան:
Այս նախաձեռնութեան կազմակերպիչ «Ամերիապանք»-ի գլխաւոր տնօրէն, տնօրէն խորհուրդի նախագահ Արտակ Հանէսեանը նշած է, որ իւրաքանչիւր աճուրդին գումարին հետ կ՛աւելնայ նաեւ մասնակիցներուն թիւը: Ըստ անոր, այս տարուան աճուրդին ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի 17 հիւանդ փոքրիկներու բուժման. աւելի՛ն, դրամատունը պիտի կրկնապատկէ գոյացած գումարը:
Աճուրդին ընթացքին կարելի եղած է հաւաքել 27.1 միլիոն դրամ, 3 միլիոն 473 հազար դրամ գոյացաւ նուիրատուութիւննեով եւ 30 միլիոն 573 հազար դրամը «Ամերիա» ընկերութիւններու խումբը կրկնապատկած է, ուստի գումարը հասած է 61 միլիոն 146 հազար դրամի:
Տեղեկացնենք, որ աճուրդին ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի քաղցկեղային, արեան, յօդացաւի եւ հրատապ բուժում պահանջող այլ հիւանդութիւններ ունեցող փոքրիկներու բուժման:
Գումարը պիտի փոխանցուի «Նուիրիր կեանք», «Օգնենք հայ մանուկներուն», «Փոքրիկներ առանց ցաւի» հիմնադրամներուն եւ «Էխօ» կազմակերպութեան կողմէ արձանագրուած 17 փոքրիկներու, որոնք արդէն բուժման հանգրուանի մէջ են եւ դրամական օգնութեան խիստ կարիքը ունին:
Նշենք, որ 2010 թուականին «Ամերիա» ընկերութիւններու խումբը առաջին աճուրդին հաւաքեց 19 միլիոն դրամ, 2011-ին` 21 միլիոն դրամ, 2012-ին` 79 միլիոն դրամ:
Կին Միջազգային 10-րդ Շարժապատկերի
«Կին» Փառատօնը Հայաստանի Մէջ Բերաւ
Ութ Տասնեակէ Աւելի Կին Բեմադրիչներու Ժապաւէններ
«Կին» միջազգային 10-րդ յոբելենական շարժանկարի փառատօնին ընթացքին ցուցադրուեցան աւելի քան 80 կին բեմադրիչներու ժապաւէններ: Փառատօնը կայացաւ դեկտեմբեր 14-18, Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Մարիամ Օհանեան ըսած է, որ այս տարուան փառատօնը յոբելենական է, այդ իսկ պատճառով ծրագրին մէջ կային քանի մը նորութիւններ, որոնք անակնկալ էին ե՛ւ մասնակիցներուն, ե՛ւ հանդիսատեսին համար: «Նախ` փառատօնի շրջանակին մէջ Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ կազմակերպուած էր Հերիքնազ Գալստեանի, Յասմիկ Աւետիսեանի, Զառա Մանուչարեանի գեղանկար աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Առաջին կին բեմադրիչ, ազգութեամբ ֆրանսուհի Ալիս Կի Պլաշէի համր ժապաւէններու ցուցադրութեան ուղեկցած էր Արամ Խաչատրեանի անուան թրիոյի նուագակցութիւնը», նշած է Մգ Օհանեան:
Նախորդ տարիներու հետ համեմատաբար, այս տարի, ըստ փառատօնի հիմնադիրին, շատ են ներկայացուած դիմումնագիրները` 81 ժապաւէն, 27 երկրէ: Նշենք, որ փառատօնի յետահայեաց ցուցադրութեան ծրագրին մէջ տեղ գտած են առաջին կին բեմադրիչ, ազգութեամբ ֆրանսուհի Ալիս Կի Պլաշէի ժապաւէնները: Իրականացած են ցուցադրութիւններ` նուիրուած բեմադրիչ Թամարա Լիսիցեանի 90-ամեակին եւ անգլիացի երգահան Պենճըմին Պրիթթենի 100-ամեակին:
«Աւանդական դարձած փառատօնին նպատակն է` վերաիմաստաւորել կնոջ դերը հասարակութեան մէջ, շարժանկարի միջոցով լուսաբանել անոր հարցերը, խթանել` Հայաստանի մէջ կիներու կողմէ ստեղծուած ժապաւէններու արտադրութիւնը, բացայայտել նոր անուններ, ինչպէս նաեւ` նպաստել մշակութային երկխօսութեանը տարբեր ազգերու միջեւ»: Այսպէս ներկայացուցած է փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Մարիամ Օհանեանը:
Հաղորդենք, որ փառատօնին կազմակերպիչն էր «Լիզա» մշակութային հիմնադրամը` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:
Երեւանաբնակ Սուրիահայերուն Ներկայացուեցաւ
«Նոր Հալէպ» Թաղամասին Յատակագիծը
Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայերուն համար կառուցուող «Նոր Հալէպ» թաղամասի նախագիծին հեղինակները` Վահէ եւ Գոհար Թութունճեանները 11 դեկտեմբերին ներկայացուցած են թաղամասին ամբողջական յատակագիծը:
Գամիշլիէն Հայաստան եկած սուրիահայերէն մէկը լրագրողի մը հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այս ծրագիրին առնչուող յոյսեր ունի, որովհետեւ իր տունէն հեռու եղող իւրաքանչիւր սուրիահայ կ՛ուզէ բնակարան ունենալ:
«Նոր Հալէպ» թաղամասը պիտի կառուցուի Աշտարակի մէջ` դէպի Էջմիածին տանող մայրուղիին վրայ: Ըստ նախագիծին, թաղամասը ունի երկու շէնք եւ ակմբային շէնք: Ընդհանուր 488 միաւոր բնակելի տարածք է, ուր բնակարաններ կան 2000 անձի համար:
«Կան նաեւ երկյարկանի առանձնատուներ, որոնք 2 եւ 4 սենեակնոց են: Ընդհանուր նախագիծը ունի նաեւ խանութներու բաժին, որմէ եկած մուտքը պիտի գործածուի շէնքերը պահպանելու եւ մաքուր պահելու ծախսերուն համար: Ակումբը պիտի ծառայէ մշակութային կեանքը պահպանելու: Նաեւ առողջապահական հատուած պիտի ըլլայ, լողաւազան, պասքեթպոլի եւ թենիսի դաշտեր: Կը նախատեսուի նաեւ մանկապարտէզ կառուցել, եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ, նաեւ դպրոց պիտի հաստատուի», յայտնած է ճարտարապետ Վահէ Թութունճեանը:
Թաղամասը, որ պիտի կառուցուի հայկական տուֆով, պիտի ունենայ նաեւ ստորերկրեայ կառատուն:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ Հայաստանի նախագահին յանձնարարութեամբ ծրագիրը սկսած է յունիսի վերջը, իսկ հողի նուիրատուութեան հարցը լուծուած է Աշտարակ քաղաքին կողմէ: «Մենք կ՛աշխատինք այն նպատակով, որ դուք ունենաք բնակարան լաւ պայմաններով, բայց` աժան գինով: Մենք կ՛ուզենք լուծել հայրենիքի մէջ արագ հաստատուելու եւ աժան գինով բնակարան ձեռք բերելու հարցը: Եթէ մարդիկ կը ցանկան այդ տարածքին մէջ ապրիլ, ապա պէտք է արդէն սկսին նախնական վճարումները կատարելու: Իւրաքանչիւր անձ, որ կ՛ուզէ բնակարան ունենալ, պէտք է ներդրում կատարէ, մենք ալ գումարներ պիտի հայթայթենք, նուիրաբերենք, որ ամբողջացնենք ծրագիրը», յայտնած է նախարարը` աւելցնելով, որ ներկայ դրութեամբ 625 անձ դիմած է ծրագրին:
Յարդարուած եւ վերջնական տեսքի բերուած բնակարաններուն քառակուսի մեթրը, ըստ նախնական հաշիւներու, պիտի արժէ 500-550 տոլար, իսկ տակաւին չամբողջացած վիճակի մէջ` 350-400: Ճարտարապետ Վահէ Թութունճեան յայտնած է, որ մարդիկ կրնան ընտրութիւն կատարել, եւ եթէ ուզեն, իրենք կ՛ամբողջացնեն յարդարման բաժինը, սակայն այս բոլորը միեւնոյն ատեն պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ թաղամասը օգտագործելու սկսիլ:
Հանդիպումին հրաւիրուած էին նաեւ դրամատուներու ներկայացուցիչները, որոնք ներկայացուցած են վարկաւորման պայմանները եւ գործընթացը:
Հրանուշ Յակոբեան լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ ներկայ դրութեամբ մեծագոյն ներդրումը կատարած է «Կրանտ Քենտի» ընկերութիւնը. «Օգնութեան մասին յայտնած են նաեւ Սամուէլ եւ Կարէն Կարապետեանները: Մարդիկ ներդրումներ կատարելու սկսած են երկու տոլարէն: Կան համայնքներ, որոնք 5000-էն մինչեւ 100 հազար դրամ նուիրաբերած են: Այս ծրագիրը նաեւ բարեսիրական ուղղութիւն պիտի ունենայ, իւրաքանչիւր հայ պէտք է օգնէ սուրիահայուն»:
Երեւանի Եւ Մարզերուն Մէջ Սկսած Է
Ֆրանսական «Ամենակարճ Օր»
Կարճատեւ Ժապաւէններու Փառատօնը
Վերջերս կայացաւ «Ամենակարճ օր» ֆրանսական կարճատեւ շարժանկարի փառատօնը, որ կը ներառէ 1-59 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէններ, եւ որոնք Երեւանի մէջ կը ցուցադրուին «Նայիրի» շարժապատկերի սրահին մէջ, «Նարեկացի» արուեստի միութեան, մայրաքաղաքի համալսարաններուն, համայնքներուն եւ մարզերուն մէջ: Տասը օր` դեկտեմբեր 11-էն մինչեւ 21, յիշեալ վայրերուն մէջ պիտի իրականացուին ֆրանսական ժապաւէններու անվճար ցուցադրութիւններ: Իսկ չթարգմանուած եւ համր ժապաւէնները դեկտեմբեր 14-էն մինչեւ 21 կարելի է դիտել առցանց` www. alliancefr.am կայքին վրայ: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնէն:
Նշենք, որ Հայաստան 2012-էն միացած է ֆրանսական «Ամենակարճ օր» կարճատեւ ժապաւէններու փառատօնին: Ֆրանսական շարժանկարի այս գեղեցիկ ձեռնարկին նախաձեռնողները Հայաստանի եւ Ֆրանսայի շարժանկարի կեդրոններն են: Ֆրանսական կարճատեւ ժապաւէններու ցուցադրութիւնը Հայաստանի մէջ կ՛իրականացուի երկկողմանի համագործակցութեան համաձայնագրի շրջանակներուն մէջ: Աշխարհի հինգ տասնեակէն աւելի երկիրներ արդէն միացած են այս շարժանկարի ծրագրին: Ամէն տարի մասնակիցներուն թիւը կ՛աւելնայ: Բոլոր երկիրներուն համար ժապաւէնները կ՛ընտրուին «Կարճատեւ ժապաւէններու գործակալութեան» ժապաւէններու դարանէն, եւ որովհետեւ Հայաստանի մէջ այս հաստատութիւնը գրասենեակ չունի, ուստի փառատօնը կը կազմակերպուի Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակութային «Ալիանս Ֆրանսեզ» կազմակերպութեան հետ միատեղ: